Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիտուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ տարեվերջի Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։