Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծ Պահքի շրջանի Արեւագալի վերջին արարողութիւնը:
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան եւ իր հոգեւոր պատգամը պիտի ուղղէ։
Արարողութենէն ետք, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Տիկնանց Միութեան կազմակերպած Մեծ Պահոց աւանդական ճաշկերոյթը: «Հայ Մամուլի Տարուան» առիթով պիտի դասախօսէ Քալիֆորնիա Քուրիյըր թերթի հրատարակիչ, ծանօթ մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Տիար Յարութ Սասունեան։