Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Նախագահէ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնակատարութեան

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շաբաթավերջին պիտի այցելէ Լաս Վեկասի մեր ծխական համայնքը, նախագահելու համար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան։ Յիշեցնենք, որ 14 Յունուար 2019-ին, մեր եկեղեցին նշեց Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը. այս առիթով, Կիրակի, 13 Յունուարին, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան։

Տօնակատարութիւնը պիտի սկսի Շաբաթ, 19 Յունուարի երեկոյեան, հերիսայի պատրաստութեամբ եւ ճաշկերոյթով, որ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ կից «Գուճաքեան» սրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ աղի օրհնութիւնը, ապա պիտի նախագահէ ճաշկերոյթին։ Երեկոն պիտի խանդավառէ ծանօթ երգիչ Նշան Ջաղացպանեան։

Կիրակի, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ մատաղի օրհնութիւն պիտի կատարէ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք, ծխական յանձնախումբը կազմակերպած է սիրոյ ճաշ։

Առաջնորդ Սրբազանին այս այցելութիւնը նաեւ առիթ պիտի ծառայէ խորհրդակցութիւն ունենալու հոգեւոր հովիւին ու ծխական յանձնախումբին հետ եկեղեցոյ ու համայնքին անմիջական հարցերուն շուրջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022