Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շաբաթասկիզբին Լիբանան մեկնեցաւ, մասնակից ըլլալու համար Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան, որ պիտի կատարուի Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015ի երեկոյեան, Պիքֆայա, Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ, ձեռամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներու, թեմակալ Առաջնորդներու եւ միաբանութեան անդամներու:
Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով: Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ, նոյն օրերուն նախատեսուած են նաեւ ոգեկոչական այլ ձեռնարկներ եւ իրագործումներ: Այսպէս, Շաբաթ, 18 Յուլիսի առաւօտուն, Ճիպէյլի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Թռչնոց Բոյն»ի Որբերու Թանգարանին բացումը: «Արամ Պեզիկեան» թանգարանը կ’ոգեկոչէ Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրող որբերուն յիշատակը:
Կիրակի, 19 Յուլիսի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ. յընթացս Ս. Պատարագի, Նորին Ս. Օծութիւնը ջրօրհնէք պիտի կատարէ նոր օրհնուած միւռոնով: Այնուհետեւ, Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ կանգնած Նահատակաց Յուշարձան-Մատուռին առջեւ տեղի պիտի ունենայ միջ-եկեղեցական արարողութիւն, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ քրիստոնէական տարբեր եկեղեցիներու հոգեւորականներու:
Կիրակի երեկոյեան, Պիքֆայայի մէջ տեղի պիտի ունենայ մշակութային ձեռնարկ մը, վեր առնելու համար նահատակներու մշակութային ժառանգութիւնը: Երաժշտական յայտագիրով մը հանդէս պիտի գայ Պէյրութի սեմֆոնիք նուագախումբը, ղեկավարութեամբ երիտասարդ խմբավար Յարութ Ֆազլեանի. երգերով մասնակցութիւն պիւտի բերեն մենակատարներ՝ Յասմիկ Պապեան, Վիեննայէն, եւ Բարսեղ Թումանեան, Հայաստանէն:
Լիբանան ուխտագնացութեան՝ Առաջնորդ Սրբազանին պիտի ընկերանայ Ազգային Վարչութեան անդամներէ, բարերարներէ եւ ազգայիններէ կազմուած պատուիրակութիւն մը եւ ուխտաւորներ: