Ուաշինկթընի Մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կը Մասնակցի Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Յանձնախումբի Ժողովին ու Գնահատանքի Ձեռնարկին


Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ուաշինկթընեան արարողութիւններն ու ձեռնարկները կազմակերպող գործադիր մարմինը Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2015ին, դաշնակցային մայրաքաղաքին մէջ գումարեց ժողով մը, գնահատականը կատարելու համար անցեալ Մայիսին տեղի ունեցած ձեռնարկներուն ու արձանագրած արդիւնքներուն: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ անդամ է կեդրոնական յանձնախումբին, Ուաշինկթըն մեկնած էր, մասնակցելու համար այս ժողովին:

Նոյն երեկոյեան, յանձնախումբը ընթրիքի ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր, գնահատանք եւ շնորհակալութիւն արտայայտելու համար բոլոր անոնց, որոնք զանազան կազմակերպութիւններէ մասնակցութիւն բերած էին յիշեալ արարողութեանց ու ձեռնարկներուն կազմակերպման համար կազմուած յանձնախումբերուն:

Երեկոյթը սկսաւ գործադիր մարմինի տնտեսական յանձնախումբի ատենապետ եւ հանդիսավար Դոկտ. Ժան Ժաք Հաժժարի ողջոյնի խօսքով: Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր օրհութեան խօսքը: Ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք արտասանեց գործադիր մարմինի ատենապետ Տիար Նուպար Աֆէեան. ան գնահատեց ենթայանձնախումբերու անդամներուն միասնական եւ կորովի աշխատանքը, որ երաշխիք եղաւ ձեռնարկներուն յաջողութեան: Ան ենթայանձնախումբերու ատենապետներուն յանձնեց յուշանուէրներ՝ առ ի գնահատանք նուիրեալ ծառայութեանց:

Այնուհետեւ, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրուեցաւ արտայայտելու իր տպաւորութիւններն ու գնահատանքը: Երեք Սրբազան Առաջնորդները խօսեցան տարուած աշխատանքին յաջողութեան նպաստող պայմաններուն մասին, ինչպէս նաեւ յայտնեցին, թէ տարուած աշխատանքը գոհունակութեամբ եւ գնահատանքով ընկալուած է բոլոր շրջաններուն մէջ: Անոնք շեշտեցին, որ մեր իրաւունքներուն հետապնդման նպատակով ճիգերը պէտք է նոյն թափով շարունակել՝ «կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանախօսքի ոգիին հաւատարմութեամբ:

Շրջաններու հոգեւոր հովիւներ եւս արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւններն ու գնահատականները: Երեկոյթը փակուեցաւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի փակման խօսքով եւ աղօթքով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022