Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015ի առաւօտուն, 2015-2016 տարեշրջանի վերամուտին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Օրէնճ Քաունթիի «Արի Կիրակոս Մինասեան» Ազգային Վարժարան։
Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորուեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Գոհար Զահերի եւ անձնակազմի կողմէ։
Դպրոցի մուտքին տեղի ունեցաւ աւանդական աղ ու հացի օրհնութիւնը, վարժարանի 6-րդ կարգի աշակերտութեան մասնակցութեամբ։ Սրբազան Հայրը, Տէր Հօր, տնօրէնուհիին եւ ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց դասարանները եւ մտերմիկ պահեր ունեցաւ աշակերտներուն հետ։
Աշակերտները աղօթքներ, շարականներ, սաղմոսներ արտասանեցին Առաջնորդ Սրբազանին այս ոգեւորիչ այցելութեան ընթացքին, արտայայտելով իրենց սէրն ու նուիրումը մեր հոգեւոր, ազգային ու մշակութային արժէքներուն։ Անոնց սրտաբուխ աղօթքները նուիրուած էին աշխարհի խաղաղութեան, ապահովութեան, ծնողներու եւ ուսուցիչներու հանդէպ երախտապարտութեան ու իրենց ուսումնական կեանքի յաջողութեան։
Հոգեկան անհուն ուրախութեան պահեր ապրեցան բոլորը, տեսնելով, լսելով ու զգալով մատղաշ սերունդի սէրն ու յարգանքը մեր հոգեւոր, ազգային ու մշակութային գանձերուն նկատմամբ։
Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, իրենց հետեւողական աշխատանքին ու նուիրական առաքելութեան համար։
Դասարաններու այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը գնահատեց աշակերտներն ու հայ դպրոցի նուիրեալ մշակները, որոնք լծուած են սերնդակերտ առաքելութեան, ապա աշակերտներուն փոխանցեց աղօթքներ, որոնք յիշատակ պիտի մնան այս իւրայատուկ այցելութեան առիթով։
Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։