Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը ՀՀ Դեսպանատուն

Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Ուաշինկթընի մէջ այցելութիւն մը տուին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, հանդիպելու Ազգային Ժողովի նախագահ Տիար Արարատ Միրզոյեանի հետ որ պաշտօնական այցելութեամբ Ուաշինկթըն կը գտնուէր։ Հանդիպումին ներկայ էին դեսպան Վարուժան Ներսէսեան եւ Ազգային Ժողովի անդամ ու «Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Տիկին Լիլիթ Մակունց։ Առաջնորդ Սրբազաններուն կ՛ընկերակցէին տեղւոյն Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Աքթաւուքեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան։

Թեմակալ Առաջնորդները ողջունեցին Տիար Միրզոյեանի ներկայութիւնը եւ իրենց զօրակցութիւնը վերահաստատեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վերելքին։ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին յատուկ կերպով ողջունեց Տիար Ներսէսեանը, նշելով, որ այս հանդիպումը առաջին պաշտօնական հանդիպումն էր դեսպանին հետ Ուաշինկթընի մէջ։

Ինչպէս ծանօթ է, 6 Յուլիսին իր մահկանացուն կնքեց Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպաններէն Արման Կիրակոսեան։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազաններն ու Տիար Մանկիկեան ցաւակցական խօսքեր արձանագրեցին հանգուցեալին նուիրուած յուշագրքոյկին մէջ։‎

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022