Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. Գրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Վարժարան


Սան Ֆրանսիսքօ իր այցելութեան առիթով, Թեմիս բաերեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2015ի առաւօտուն այցելութիւն մը տուաւ Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանը եւ մտերմիկ պահ մը բոլորեց դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն հետ: Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանային Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան եւ Բարեշն. Սեւակ Սրկ. Պատոյեան:

Վարժարանի մուտքին, Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւրուեցաւ տնօրէնուհիին՝ Տիկին Կրէյս Անտոնեանի եւ անձնակազմի անդամներու կողմէ, ապա ուղղուեցաւ մանկապարտէզի բաժինը, ուր աշակերտները զինք հիւրընկալեցին իրենց ժպիտներով ու աղօթքներով: Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց աշակերտներն ու հոգատար դաստիարակները:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանն ու ընկերակիցները ուղղուեցան վարժարանին սրահը, ուր աշակերտները ներկայացուցին Թարգմանչաց տօնին նուիրուած գեղեցիկ յայտագիր մը՝ երգերով ու արտասանութիւններով: Խօսք առաւ վարժարանին տնօրէնուհին, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութիւնը եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ վարժարանի իրագործումներուն: Այնուհետեւ, ողջոյնի խօսք արտասանեց հոգեւոր հովիւը եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը ուղղելու իր պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց մանուկներուն մատուցումը եւ վեր առնելով Թարգմանչաց սերունդի վաստակն ու ժառանգութիւնը, շեշտեց, որ այսօր հայ դպրոցներ, հայ աշակերտներ եւ Հայաստան ու հայութիւն գոյութիւն ունին, շնորհիւ թարգմանիչ հայրերու տարած աշխատանքին, որ մեր ազգային ինքնութիւնն ու ապագան երաշխաւորեց: Ան աշակերտները յորդորեց ծանօթանալու հայ գիրերու գիւտին շնորհիւ դարերու ընթացքին ստեղծուած մեր մշակութային հարուստ ժառանգութեան եւ գործնապէս հաւատարմութիւն արտայայտել անոնց՝ պահպանելով մեր լեզուն, իսկ վաղը՝ մասնակից դառնալով մեր մշակոյթի զարգացման: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ շնորհաւորեց վարժարանին մեծ ընտանիքը, որ այս տարի կը տօնէ այս ուսումնարանին 35րդ տարեդարձը, մաղթելով, որ քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան այս օճախին ջահը մնայ անմար, ճառագայթէ աւելի՛ փայլուն կերպով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022