Առաջնորդ Սրբազանը Կ’այցելէ Ֆրեզնոյի Նորանշանակ Պատւոյ Հիւպատոսին


Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրեզնոյի մէջ վերջերս բացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատւոյ Հիւպատոսարան:

Շաբաթ 1 Նոյեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հարիւրամեակի տօնակատարութեան մասնակցելու համար Ֆրեզնօ իր այցելութեան առիթով, այցելութիւն մը տուաւ Հ.Հ. Պատւոյ Հիւպատոսարանը: Սրբազան Հօր կþընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեանն ու Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան:

Սրբազան Հայրն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան նոր նշանակեալ Պատւոյ Հիւպատոսին՝ Տիար Պերճ Աբգարեանի եւ անձնակազմի կողմէ: Հիւպատոսարանի բաժանմունքները այցելելով, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի հողի ներկայութիւնը:

Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը կրկին անգամ շնորհաւորեց Պատւոյ Հիւպատոսին նոր պաշտօնը, մաղթելով յաջող ծառայութիւն, թէ՛ Հայ ազգին եւ թէ եկեղեցւոյ: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց թէ Պատւոյ Հիւպատոսարանին բացման օրը, Առաջնորդական պարտականութեամբ Լաս Վեկասի համայնքին հետ ըլլալուն պատճառով, օրհնութեան ու շնորհաւորանքի գիր մը յղած էր, որ հոգեւոր հովիւին կողմէ ընթերցուեցաւ: Ան այս առիթով Ազգ. Առաջնոդարանի յուշանուէրը փոխանցեց Պատւոյ Հիւպատոսին:

Պատւոյ Հիւպատոսը գոհունակութիւն արտայայտեց Առաջնորդ Սրբազանին այս այցելութեան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց օրհնութեան գիրին եւ բարեմաղթութիւններուն համար:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022