Ուսումնակրթական 2017-2018 տարեշրջանի վերամուտի ազդը հնչեց արդէն եւ մեր Թեմի Ազգային Վարժարանները վերաբացին իրենց դուռները, լոյսի, գիտութեան եւ կրթութեան կողքին՝ քրիստոնէական ու հայեցի կրթութիւն ջամբելու համար հայ մանուկին ու պատանիին։ Ազգ. Վարժարաններուն մեծ մասը վերամուտի իր հանդիսութիւնը ունեցաւ Երկուշաբթի, 21 Օգոստոս 2017ի առաւօտուն։ Հանդիսութիւնները սկիզբ առին աղօթքով, քայլերգներու երգեցողութեամբ եւ աշակերտական ուխտի արտասանութեամբ։ Խօսք առին վարժարաններու տնօրէններն ու ուսումնական պատասխանատուները. իւրաքանչիւր շրջանի հոգեւոր հովիւ ընթերցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի վերամուտի պատգամը, ուղղուած դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ազգային Ֆերահեան Վարժարանի ու Մարի Գապայեան նախակրթարանի վերամուտի հանդիսութեանց:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԱԶԳ. ՖԵՐԱՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ
Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի վերամուտը տեղի ունեցաւ «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Ս.
buy stromectol UK https://www.bodybuildingestore.com/wp-content/languages/new/engl/stromectol.html no prescription
Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, Ուսումնականի, շրջանի հայկական միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց դպրոցի ուսումնական խորհրդատուն՝ Տիկին Էլիզապէթ Յովհաննէսեան։ Այնուհետեւ, Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան կատարեց «Տէրունական» եւ Սբ. Ներսէս Շնորհալիի «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքները։ Աշակերտները արտասանեցին աշակերտական ուխտը։ Այնուհետեւ Տիար Նորայր Դերձակեան երգեց Ազգ. ֆերահեան վրժ. քայլերգը։ Խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Սօսի Շանլեան, որ ողջունեց աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը եւ անդրադարձաւ հայ դպրոցի կոչումին ու առաքելութեան։
Առաջնորդ Սրբազանը, իր պատգամը ուղղելով՝ փառք եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ Իր հովանիին տակ անսասան կը պահէ հայ դպրոցն ու անոր նուիրեալ ծառայողները, իր օրհնութիւններն ու բարի մաղթանքները բաշխեց յաջող ու նուաճումներով հարուստ տարեշրջանի մը համար:
Խօսելով Հայ Դպրոցի առաքելութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Հայ Դպրոցը միայն ուսումնարան չէ, ուր աշակերտը իր միտքը կը զարգացնէ այլազան գիտելիքներով, կը պատրաստուի համալսարանական բարձրագոյն ուսման ու անկէ ետք՝ դառնալու հայրենիքին ժրաջան ու գործունեայ քաղաքացին, կազմելու սովորական ընտանիք, այլ՝ ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ Հայ Պատանին ու Երիտասարդը դարբնելու վայր է, ուր աշակերտը հաղորդակից կը դառնայ քրիստոնէական մեր հաւատքին, մեր մշակոյթին եւ ուսուցմունքներուն։ Կը սորվի մեր պատմութիւնը, իր հոգիին մէջ կը պահպանէ Հայկ Նահապետէն մեզի ժառանգ մնացած ազատատենչութեան ոգին ու Բելին դէմ անոր արձակած նետով սկիզբ առած՝ ինքնորոշման մեր պայքարին պատգամը, կը ծանօթանան մեր նահապետներուն, սրբազան հայրերուն, մեր ազատ եւ ինքնորոշ ապրելու կամքը կերտողներուն դարաւոր պատմութեան։
Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Արցախի ու Հայաստանի պաշտպանութեան համար պայքարող եւ կեանք զոհաբերող զինուորները քանի մը տարի առաջ իրենց պէս աշակերտներ էին, որոնք սորվեցան, որ Վարդանանց հերոսամարտը մղուած է «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանով, Սարդարապատը մղուած է Հայաստանի ու հայութեան գոյատեւումը շահելու սլացքով, եւ թէ՝ սփիւռքի մէջ հայութեան պահպանումը նոյնքան կարեւոր պայքար է, իսկ որպէս հայ աշակերտներ՝ իրենք այդ պայքարին զինուորներն են։
Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ յառաջիկայ տարին, 2018-ը, Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ծննդեան, ինչպէս նաեւ հայկական մարզական մեծագոյն միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակն է, առիթ՝ վերանորոգման եւ հաւատարմութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը, վարժարաններու Ուսումնական Մարմինները, ծնողա-օժանդակ մարմինները, հայ ծնողները, տնօրէնները, կրթական մշակներն ու աշակերտները։
Էնսինոյէն՝ Առաջնորդ Սրբազանն ու ներկայացուցչական դէմքերը ուղղուեցան Նորթ Հիլզի Մարի Գապայեան նախակրթարանը։ Խօսք առաւ վարժարանին տնօրէնը՝ Տիար Ժան Գոսաքեան։ Ներկայ էին նախակրթարանի դաստիարակներն ու ծնողներ։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս վեր առաւ Հայ Դպրոցին ու Հայ Ուսուցիչին պատասխանատու դերն ու առաքելութիւնը եւ բարի երթ մաղթեց յաջող տարեշրջանի մը համար։
ԱԶԳ. Ռ. ԵՒ Ա. ՓԻԼԻՊՈՍ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, իբրեւ ներկայացուցիչը Առաջնորդ Սրբազանին, ներկայ եղաւ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանի վերամուտի հանդիսութեան, ընկերակցութեամբ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, Ուսումնականի, շրջանի հայկական միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ: Խօսք առին վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Ալինա Դուրեանն ու խումբ մը շրջանաւարտ աշակերտներ։ Հայր Սուրբը ողջունեց աշակերտներու դպրոց վերադարձը, ոյժ եւ կորով մաղթեց կրթական մշակներուն եւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը։
ԱԶԳ. ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի վերամուտի հանդիսութեան ներկայ եղան Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանն ու հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, իրենց կողքին ունենալով եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, Ուսումնականի, շրջանի հայկական միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տնօրէնը՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեան։ Այնուհետեւ, հոգեւոր հովիւը ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պատգամը։
ԱԶԳ. Վ. ԵՒ Ա. ՇԱՄԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի վերամուտի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանի ու Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի։ Ներկայ էին Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, Ուսումնականի, շրջանի հայկական միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները եւ վարժարանի բարերարներ։ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ «Տէրունական» եւ Սբ. Ներսէս Շնորհալիի «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքներով։ Յաջորդաբար խօսք առին վարժարանի Տնօրէնուհին, Փոխ Տնօրէնուհին եւ Ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչը։ Աւարտին, Հայր Սուրբը ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պատգամը։
ԱԶԳ. ԱՐԻ ԿԻՐԱԿՈՍ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ազգ. Արի Կիրակոս Վարժարանի վերամուտի հանդիսութիւնը կատարուեցաւ իւրայատուկ ձեւով։ Աշակերտները դիմաւորուեցան հայկական ժողովրդական գործիքներով երաժշտութեամբ։ Ներկայ էին Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, Ուսումնականի, շրջանի հայկական միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները։ Հանդիսութիւնը սկսաւ հոգեւոր հովիւին «Տէրունական» եւ Սբ. Ներսէս Շնորհալիի «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքներով։ Յաջորդաբար խօսք առին վարժարանի Տնօրէնուհին եւ Ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչը։ Հոգեւոր հովիւը ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պատգամը։ Այնուհետեւ, բոլորը ուղղուեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի եւ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։