Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Գրային Ամառնային Վարժարանը


Հինգշաբթի, 14 Յուլիս 2016ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Գրային ամառնային վարժարանը:

Ժամանման պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի, Հոգաբարձութեան անդամներու, Տիկնանց Միութեան անդամուհիներու, տեսչուհի Տիկ. Ալին Սարգիսեան-Նիկողոսեանի եւ իր օգնականներուն կողմէ: Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Թերէզ Քեմանճեան եւ Ազգ. երեսփոխաններէն Տիար Սարգիս Տէրվիշեան:

Յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էր չորս շաբթուան վրայ երկարող ամառնային դասընթացք մը, 27 Յունիսէն սկսեալ մինչեւ 22 Յուլիս: Ծրագրին կը հետեւին 3էն 13 տարեկան աւելի քան 35 մանուկներ եւ պատանիներ։

Աշակերտները իրենց սորված շարականներով, աղօթքներով, եւ Ս. Գրային ոսկեղէն համարներով եւ հայրենասիրական երգերով գեղեցիկ յայտագիր մը հրամցուցին Առաջնորդ Սրբազանին։ Նշենք, որ այս տարուան դասընթացքի նշանաբանն էր «Տէրը կը սիրէ քեզ եւ կ՚ուզէ որ դուն ըլլաս ուրախ եւ առողջ»։

Հոգեւոր Հովիւին եւ տեսչուհիին ողջոյնի խօսքերէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հոգեւոր Հովիւին, հոգաբարձութեան, Ազգ. Երեսփոխաններուն, Տիկնանց միութեան, տեսչուհիին եւ կամաւոր ծառայողներուն կատարած նուիրեալ աշխատանքներուն մասին, նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց աշակերտներուն մատուցած յայտագիրին համար, մանուկներուն բացատրութիւններ տուաւ իրենց արտասանած աղօթքներու զօրութեան մասին եւ անդրադառնալով փոքրիկներուն արտասանած «Քրիստոսի երանիներուն», անոնց սորվեցուց նոր երանի մը՝ «Երանի անոնց, որոնք Աստուծոյ խօսքերը կը լսեն, որովհետեւ անոնք Իր զաւակները պիտի մնան»։

Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ Աստուծոյ անհուն սիրոյ եւ գուրգուրանքին մասին յատկապէս մանուկներուն նկատմամբ, ու ըսաւ. «Աստուած այնքան կը սիրէ մեզ, եւ կ’ուզէ որ Իրեն հետեւող ըլլանք ու մեր փրկութեան ճամբան եւ ուղին գտնենք։ Աստուած իր Միածին Որդին մեզ համար տուաւ որպէս Փրկիչ»։ Ան խօսեցաւ մեր հայրապետներուն մասին եւ անդրադառնալով Շնորհալի Հայրապետին երգերուն, առաջարկեց միասնաբար երգել «Առաւօտ Լուսոյ»էն հատուածներ, որմէ ետք աշակերտներուն հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ յուշանուէրներ տուաւ անոնց ու ծնողներուն:

Ապա, աշակերտներն ու ներկաները եկեղեցւոյ մուտքին յիշատակի խմբանկար մը առին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ, այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ փակը եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր սեղաններու օրհնութեան աղօթքէն ետք, միասնաբար ճաշեցին:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022