Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութիւնը այս տարի գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին կազմակերպելու ամառնային դպրոց մը, որպէսզի շրջանի մանուկներն ու պատանիները եկեցւոյ հովանիին տակ հայեցի մթնոլորտի մէջ բոլորեն արձակուրդի շրջանը, հաճելի ու դաստիարակչական ծրագիրներով հեռու չմնան հոգեւոր ու մտային աճումի մթնոլորտէն։
Ամառնային դպրոցի ծրագիրը իր աւարտին հասաւ Ուրբաթ, 10 Օգոստոսին, մտերմիկ հանդիսութեամբ մը, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, որ մանկական աշխարհի հոգեւոր մթնոլորտով լի պահ մը վայելեց մեր մանուկ եւ պատանի աշակերտներուն մատուցած յայտագիրով։
Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Խորէն Քհնյ. Պապօշեանի, հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Յակոբ Աւետիքեանի, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն կողմէ։ Աշակերտները զինք դիմաւորեցին »Աստուած օգնական Սրբազան Հայր« ողջոյնով եւ խնդրեցին իր օրհնութիւնը, որուն ի պատասխան, ան Աստուծոյ պահպանութիւնը հայցեց բոլորին համար եւ օրհնեց զիրենք։
Աշակերտներն ու աշակերտուհիները Սրբազան Հօր հրամցուցին Ս. Պատարագէն երգեր՝ »Սուրբ Աստուած«ը, »Քրիստոս Ի մէջ մեր յայտնեցաւ«ը, »Տէր Ողորմեա«ն, ապա արտասանեցին »Շնորհակալ եմ Տէր Աստուած«, »Ով Տէր Աստուած« եւ »Տէր իմ Աստուած Տէր բարերար« աղօթքները։ Առաջնորդ Սրբազանը այնուհետեւ աշակերտներուն հետ ունեցաւ հարց ու պատասխանի մտերմիկ պահ մը, որմէ ետք, գնահատեց աշակերտները, որոնք չորս շաբթուան ընթացքին պարտաճանաչօրէն դասընթացքներուն հետեւեցան եւ սորվեցան հոգեւոր երգեր, աղօթքներ, սաղմոսներ եւ այլ խաղեր։ Իր խօսքի աւարտին, ան խոստում առաւ աշակերտներէն, որ այսուհետեւ միշտ պիտի յիշեցնեն իրենց ծնողներուն, որ զիրենք եկեղեցի բերեն ու ծառայեն եկեղեցւոյ։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ գնահատեց Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչուհին՝ Տիկ. Թալին Զօմճեան-Նագգաշեանը եւ օգնական ուսուցչուհիները՝ իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար։
Իբրեւ գործնական գնահատանք ու քաջալերանք՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աշակերտներուն նուիրեց Յիսուս Քրիստոսի գունազարդ երկու նկարներ եւ կրօնատիպ զարդեր։ Ներկաները Առաջնորդ Սրբազանին հետ ունեցան յիշատակի լուսանկար մը։