Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Արեւելեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2018-ին, Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Նիւ Եորք, հանդիպում մը ունեցաւ Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Բարձր.
buy cialis daily online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/cialis-daily.html no prescription

Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ անձնակազմի անդամներու հետ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար մեր Թեմի բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Ֆիլիփ եւ Ֆլորընս Փառնակեան ամոլը։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Անուշաւան Սրբազանը՝ թեմակալ Առաջնորդ իր ընտրութեան եւ արքեպիսկոպոսական աստիճանի ստացման զոյգ առիթներով ու բարի երթ մաղթեց իր ծառայական առաքելութեան մէջ։ Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը օրին շնորհաւորական նամակ մը յղած էր Անուշաւան Սրբազանին։ Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու երկու Թեմերուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի եւս զարգացնելու միջոցներու ու ծրագիրներու շուրջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022