ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՃԱՄԲԱՐԸ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շաբաթասկիզբին այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնօ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւին, հոգաբարձութեան ու ազգային երեսփոխաններու հետ։

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին այցելեց եկեղեցւոյ պատանեկան խմբակի ամառնային ճամբարը, որ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Կիրակի, 8 Յուլիսէն մինչեւ Հինգշաբթի, 12 Յուլիս։ Մասնակիցները հետեւեցան կրօնա-դաստիարակչական ծրագիրի մը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ճամբար այցելեց Երկուշաբթի, 9 Յուլիսին։ Ան աղօթքի պահ մը ունեցաւ պատանիներուն հետ, ապա ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը, որուն յաջորդեց հարց ու պատասխանի պահ մը։ Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանային եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Վարուժան Տէր Սիմոնեան եւ անդամներ, երեսփոխաններ, եւ Ազգ.
buy xenical online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/xenical.html no prescription

Վարչութեան անդամ Պիլ Սաաթճեան։

Աւելի ուշ, Առաջնորդ Սրբազանը ժողով մը ունեցաւ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխաններու, եւ սարկաւագներու հետ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022