Կիրակի, 18 Մայիս 2014-ի երեկոյեան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տիար Ճոն Հեֆըրն Ազգային Առաջնորդարան այցելեց, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի ու ժողովականութեան հետ։ Դեսպանին կ’ընկերանար պաշտօնատար Ճեֆ Փարեջան։
Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փելիվանեան: Իսկ Ազգային Վարչութեան անդամներէն ներկայ էին Տեարք Վահան Պզտիկեան, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Դեսպանին բարի գալուստ մաղթեց “Ազգին Տունը”, յայտնելով թէ որպէս Հայաստանի բնակիչ Ազգ. Առաջնորդարանը իր տունը կը համարուի:
Դեսպանը տեղեկութիւններ փոխանցեց իրենց ծրագիրներուն մասին, որոնց շարքին են Հայաստանի մէջ զարգացնել զբօսաշրջիկութիւնը, ի մասնաւորի շեշտը դնելով պատմական եւ հնագիտական վայրերու վրայ, որպէսզի այցելուներ ծանօթանան Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին եւ հնութիւններուն:
Նաեւ խօսուեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Ղարաբաղի իրավիճակին մասին:
Հանդիպման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Դեսպանին նուիրեց Հրայր Բազէի “Երկիր 2 Երկիր” նկարչական ալպոմը, ինչպէս նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հեղինակած “A Collection of Spiritual Reflections” նոր հրատարակուած գրքոյկը:
Դեսպանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ազգային Առաջնորդարան երկրորդ այցելութեան համար եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ջերմ հիւրընկալութեան համար: