Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, որ կարճատեւ այցելութեան մը համար մեր Թեմը կը գտնուի։
Երկու Առաջնորդ Սրբազանները ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը։ Խորհրդակցութեան ու ծրագրումի նիւթերն էին միջ-թեմական հարցեր, Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ տարուող աշխատանքներ, ի շարս որոնց՝ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան քայլեր, ապա նաեւ Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, յառաջիկայ տարուան նախատեսուած միջ-թեմական հոգեւորականաց համագումարը, որ այս անգամ պիտի հիւրընկալուի Արեւմտեան մեր Թեմին կողմէ։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին տեղի կþունենայ հոգեւորականաց համագումար, իսկ երկու տարին անգամ մը, համագումարը կը մէկտեղէ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերուն՝ Արեւելեան, Արեւմտեան ու Քանատայի Թեմակալ Առաջնորդներն ու հոգեւորականաց դասու անդամները։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով, Կիրակի, 28 Հոկտեմբերին Բարձր. Տ. Օշական Սրբազանը պիտի ըլլայ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր հաւատացեալ ժողովուրդին հետ ու պիտի քարոզէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի։
Կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազանը ճաշով հիւրասիրեց հիւր Սրբազան Հայրը։