Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016ի երեկոյեան, ընդունեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, քաղաքական ներկայացուցիչ Տիար Աւետիք Իզմիրլեանի եւ քարտուղար Տիար Մարտիկ Կապուտեանի այցելութիւնը։
Շնորհաւորական փոխադարձ մաղթանքներէ ետք՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերընտրութեան եւ Կեդրոնական Կոմիտէի նոր կազմի ընտրութեան առիթներով, հանդիպման ընթացքին գոհունակութիւն արձանագրուեցաւ եւ բարձր գնահատուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Սեպտեմբեր 29-Հոկտեմբեր 4, 2016 ին Թեմիս շնորհած հայրապետական այցելութիւնը, տարուած հսկայ աշխատանքն ու կազմակերպուած բոլոր նախաձեռնութիւններու յաջողութիւնը։
Ապա, խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ գաղութս յուզող անմիջական հարցերու, ինչպէս՝ կրթական, եկեղեցաշինական եւ հոգեմտաւոր աշխատանքներու առաւել զարգացման, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներուն վրայ։
Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր. իր կարգին Առաջնորդ Սրբազանը բարեմաղթութիւններ փոխանցեց նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէին յառաջիկայ շրջանին եւս։