Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Վարչութեան Անդամներուն Այցելութիւնը


Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան անդամները տարեսկիզբի այս օրերուն այցելութիւն մը տուին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ կատարելու եւ խօսելու Հիմնարկի աշխատանքներուն, իրագործումներուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան:

Հիմնարկի հիմնադիրն ու տնօրէնուհին՝ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն, իր պաշտօնակիցներն ու գործակիցները Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեցին Երեքշաբթի, 20 Յունուար 2015ի երեկոյեան եւ Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ հիւրընկալուեցան “Սիւլահեան” դահլիճին մէջ: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, Տոքթ. Ճորտըն եւ ներկայացուցիչները ընդհանուր տեղեկութիւններ տուին անցեալ 15 տարիներուն ընթացքին այս բարեսիրական հիմնարկի մարդասիրական ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն մասին, գոհունակութեամբ հաստատելով, որ իրենց աշխատանքի դաշտերը տարուէ տարի ընդարձակուած են եւ կը տարածուին Հայաստանէն մինչեւ եւրոպական ու ամերիկեան ափեր. վերջին շրջանին՝ Եւրոպայի մէջ հայկական նոր օճախներ միացած են իրենց երթին: Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկը Հայաստանի իր կեդրոնին մէջ ունի շուրջ 15 աշխատողներ, որոնց կողքին կան բազմահազար կամաւորներ: Հիմնարկը, ինչպէս ծանօթ է, միայն իր սեփական ճիգերուն ու ժողովուրդի աջակցութեան ճամբով բժշկական խնամք ու դարման կը տրամադրէ հազուադէպ ու դժուար բուժելի հիւանդութիւններով տառապողներու, որոնց թիւը եւս, դժբախտաբար, վերելք կ’արձանագրէ տարուէ տարի: Հիմնարկը այս տարի եւս կը ծրագրէ կազմակերպել հանգանակային մէկէ աւելի ձեռնարկներ, ինչպէս՝ քայլարշաւը: “Նոր տարուան սկզբնաւորութեան”, ըսաւ Տոքթ. Ֆ. Ճորտըն, “ինչպէս ամէն տարի, անհրաժեշտ կը նկատենք մեր եկեղեցւոյ զօրակցութիւնն ու Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը”:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի իւրայատուկ աշխատանքին մասին, որուն շնորհիւ կեանքեր կը փրկուին, դրուատեց անձնդիր ու կամաւոր ծառայողները եւ վերահաստատեց Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակցութիւնը՝ անոր մարդասիրական գործին: Յետ խորհրդակցութեան, որոշուեցաւ, որ Ս. Յարութեան տօնին յաջորդ Կիրակի օրը՝ Նոր Կիրակիին, 12 Ապրիլին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք բարձրացուի այս հիմնարկի խնամքէն օգտուողներուն ու ծառայողներուն համար, իսկ ներկայացուցիչներ եկեղեցիներու շրջափակին մէջ լուսաբանական ծառայութիւն մատուցեն մեր ժողովուրդին:

Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը հիւր ներկայացուցիչներուն նուիրեց իր հեղինակած “A Collection of Spiritual Reflections” անգլերէն հատորէն օրինակներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022