Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ ունեցաւ սրտբաց հանդիպում եւ այժմէական հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւն:
Ներկայացուցիչները՝ Խնամակալ Մարմինի փոխ-ատենապետ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան, գործադիր տնօրէն Տիար Թոմիկ Ալեքսանեան, խորհրդական Իրաւաբան Ալպէր Աբգարեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Տիար Յովիկ Կապիկեան Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեցին Թեմիս մէջ իբրեւ Առաջնորդ ծառայութեան 20-ամեակին ու քահանայագործութեան 40-ամեակին առիթով: Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Հայաստանն ու Սփիւռքը յուզող այժմէական հարցեր. կարեւորութեամբ քննարկուեցաւ մայրենիին անեղծ պահպանման ու Արեւմտահայերէնի վերականգնումին նպատակով ի գործ դրուած ճիգերը, մանաւանդ, որ Ազգ. Առաջնորդարանս ունի Հայերէնի Վերականգնումի յատուկ մարմին մը:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքին ու բարի մաղթանքներուն համար, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան պատրաստակամութեան համար, գնահատեց միութեան լայնածիր գործունէութիւնը եւ զայն իրականացնող ծառայողները, մաղթելով, որ Իրանի հայութեան դարաւոր ժառանգութիւնները շարունակեն ծաղկում ապրիլ նոր սերունդներու կեանքին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներով բարի երթ մաղթեց յարգելի հիւրերուն: