ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 3 Յունուարի առաւօտուն ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Տիկին Մատոնա Աուն Ղազալի, որ եկած էր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանն ու բարեմաղթութիւններ փոխանցելու Թեմիս հայ համայնքին։ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսը եղաւ Ազգ. Առաջնորդարանի 2012ի առաջին պաշտօնական այցելուն։ Նկատի ունենալով, որ ան պիտի չկարենայ ներկայ ըլլալ Առաջնորդ Սրբազանի Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոյին, 6 Յունուարի երեկոյեան, եկած էր բարեմաղթութիւնները անձամբ հաղորդելու։ Նկատի ունենալով, որ Տիկին Ղազալ առաջին անգամն ըլլալով կþայցելէր Ազգ. Առաջնորդարան, Առաջնորդ Սրբազանը անոր ծանօթացուց բաժանմունքներն ու հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ աշխատանքի դաշտերուն մասին։ Հանդիպումին, խորհրդակցութեան նիւթ եղան ընդհանրապէս Լիբանանի հետ հայութեան սերտ կապերն ու հիւպատոսութեան հետ Առաջնորդարանիս գործակցական յարաբերութիւնները։ Այս ծիրին մէջ, Տիկին Ղազալ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներ բնակող լիբանանցիներու արձանագրութեան հարցին, նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, քուէարկութիւնները կրնան տեղի ունենալ նաեւ հեռակայ դրութեամբ։ Մտերմիկ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց Լիբանանի դիւանագիտական ներկայացուցիչին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022