Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայաստանի Հիւպատոսարանի Նոր Խորհրդականներէն Ռազմիկ Ստեփանեանի Այցելութիւնը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015ի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տիար Ռազմիկ Ստեփանեանի, որ իբրեւ խորհրդական՝ վերջերս պաշտօնի կոչուած է Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան յարկին տակ: Հայրենի դիւանագէտին կ’ընկերանար Ազգ. Առաջնորդարանիս բարեկամներէն Տիար Արթիւր Արթէնեան:

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց երիտասարդ դիւանագէտը եւ ընդհանուր գիծերու մէջ լուսաբանութիւններ տուաւ Ազգային Առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ տարուող աշխատանքներուն մասին, որոնք կþընդգրկեն մեր եկեղեցիները, Ազգային Վարժարաններն ու այլ անդաստաններ եւ որոնց մէջ հայրենանպաստ ծառայութիւնը ունի իր կարեւոր բաժինը, մասնաւորաբար քանի մը օր ետք տեղի ունենալիք «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի աւանդական Թելեթոնն ու Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ սերտ գործակցութիւնը: Ան յաջողութիւն մաղթեց հիւրին՝ իր առաքելութեան յառաջիկայ ասպարէզներուն մէջ:

Հայրենի պաշտօնատարը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, սիրալիր ընդունելութեան համար: Տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Հրաժեշտէն առաջ, ան այցելեց Առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ աշխատանքի մարզերուն:

no images were found

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022