Հինգշաբթի, 15 Օգոստոս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի, ընկերակցութեամբ՝ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի։ Դոկտ. Ճէպէճեան Լոս Անճելըս կը գտնուի իր նոր հրատարակուած «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս որ Տեսայ» գիրքի ներկայացումին համար, որ տեղի պիտի ունենայ 16 Օգոստոսին. յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուի Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։
Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Դոկտ. Ճէպէճեանը խօսեցաւ Աստուածաշունչի ընկերութենէն ներս ծաւալած իր գործունէութեան մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Տիար Ճէպէճեանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ։ Հանդիպումի ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Հայ Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու գործունէութիւնը եւ երկու համայքները յուզող հարցերը։