Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Կլենտէյլի Հրշէջներու Բաժանմունքին Փոխ Վարիչը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 26 Մայիսին ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլ քաղաքի հրշէջներու բաժանմունքի փոխ վարիչ Կրէկ Ֆիշի, ընկերակցութեամբ բաժանմունքի պատասխանատուներէն՝ գործարար Տիար Զաւէն Գազազեանի: Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութեան եւ որոնել հայ համայնքին հետ աւելի սերտ գործակցութեան միջոցներ:

Կրէկ Ֆիշ տեղեկութիւններ տուաւ իր բաժանմունքի աշխատանքներուն մասին եւ յայտնեց, որ կը փափաքին աւելի սերտ հաղորդակցութիւններ հաստատել Կլենտէյլի հայութեան հետ. այս նպատակով, հանդիպումներ տեղի կ’ունենան դպրոցներու, կազմակերպութեանց եւ այլ միաւորներու հետ, որպէսզի լուսաբանութիւն տրուի հրշէջներու աշխատանքի տարբեր մարզերուն մասին: Կապ հաստատուած է Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան եւ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանին հետ, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի “Նաւասարդեան” խաղերու օրերուն, բաժանմունքը կրպակ մը պիտի ունենայ, ժողովուրդին ծանօթացնելու համար իր գործունէութեան դաշտերը եւ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով խօսեցաւ հրշէջներու բաժանմունքին եւ անոր պատասխանատուներուն նուիրեալ ծառայութանց մասին, մաղթելով յաջողութիւն՝ իրենց ժողովրդանուէր աշխատանքին մէջ: Ան զօրակցութիւն յայտնեց հիւր ներկայացուցիչներուն առաջադրանքներուն եւ յանձնարարեց կապ հաստատել նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ու CASPSին հետ, զարգացնելու համար գործակցութիւնը: Հիւր ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին աջակցութեան եւ բարի տրամադրութեանց համար: Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը անոնց նուիրեց Ազգային Առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն՝ հայութեան վերապրելու յատկութեան մասին Ուլիըմ Սարոյեանի ծանօթ խօսքը բովանդակող որմազդէն օրինակներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022