Չորեքշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն։
Այցելութեան նպատակն էր նախ՝ շնորհակալութիւն յայտնել Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական ծառայութեան 20-ամեակին նուիրուած երիտասարդութեան հետ հանդիպում ձեռնարկի կազմակերպումը իրենց վստահելուն համար, ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրել 12 Նոյեմբերին կայանալիք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր» տօնակատարութեան։ Շրջանային Վարչութիւնը անցեալ տարի առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օրը, գնահատելու համար այս միութեան բազմամայ ծառայողներն ու նուիրեալները, ու որոշած էր այս ձեռնարկը վերածել տարեկան աւանդութեան:
Ներկայացուցիչները նաեւ հաղորդեցին, որ համաձայն հաստատուած աւանդութեան, որոշած են այս տարի եւս Հ.Մ.Ը.Մ.ի ննջեցեալներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն կատարել եւ իբրեւ թուական՝ նկատի առած են Կիրակի, 13 Նոյեմբերը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց միութեան գործունէութիւնը եւ զայն իրականացնող ծառայողները, ապա, յուշանուէրներով բարի երթ մաղթեց յարգելի հիւրերուն: