Երեքշաբթի, 5 Մարտ 2019-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորընտիր Շրջանային վարչութեան, գլխաւորութեամբ ատենապետին՝ Տիար Յակոբ Թիւֆէնքճեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հիւր վարչականները, շնորհաւորեց նորընտիր կազմը եւ գնահատանքով խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծառայութեանց մասին, վեր առնելով մարզական միութեան ու Ազգ. Առաջնորդարանին միջեւ սերտ գործակցութիւնն ու դաստիարակչական ծրագիրները։ Յաջողութեան ու բարի երթի մաղթանք կատարեց նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետը։
Հիւր կազմին անունով խօսք առաւ ատենապետը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ընդունելութեան համար, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց յառաջիկայ շրջանի ծրագիրները եւ պատրաստակամութիւնը յայտնեց գործակցութիւնը շարունակելու եւ աւելի եւս զարգացնելու։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան եւ յուշանուէրներ յանձնեց ներկաներուն։