Առաջնորդ Սրբազան Ընդունեց Լաս Վեկասի Մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս՝ Ատրուշան Արմէնեանը


IMG_2104Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy cialis black online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/cialis-black.html no prescription

Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 7 Ապրիլի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տիար Ատրուշան Արմէնեանի, որ 24 Մարտին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հրամանագիրով նշանակուած էր Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս:

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Տիար Ա. Արմէնեանը, որ նշանակումէն ետք առաջին այցելութիւնը կու տար ազգային Առաջնորդարան, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր հայրենանուէր ծառայութեան նոր դաշտերուն մէջ: Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ խորհրդակցելու քաղաքի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքի առօրեային վերաբերող հարցերու մասին:

Տիար Ատրուշան Արմէնեան երկար տարիներու ծառայութիւն ունի մեր Թեմին մէջ: Ան Լաս Վեկասի հայ համայնքի նուիրեալ ծառայողներէն է: Ան կարեւոր աշխատանք տարած է Լաս Վեկասի մեր ծխական համայնքի վերակազմակերպման եւ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծրագիրին իրականացման մէջ: Ան նաեւ աշխոյժ աշխատանք կը տանի հայկական միութեանց ու Հայ Դատի հետապնդման ծիրին մէջ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022