Երեքշաբթի, 17 Յունիս 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ծոցի Երկիրներու Ս. Գրոց Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Տիար Հրայր Ճէպէճեանի, ընկերակցութեամբ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Հիմնադրամի ատենապետ՝ Տիար Զաւէն Խանճեանի։
Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին, Տիար Ճէպէճեան անդրադարձաւ Ս. Գրոց Ընկերութեան ծառայութիւններուն եւ Սրբազան Հօր ներկայացուց իր հրատարակած մանուկներու Աստուածաշունչը, որ պատրաստուած է նախակրթարանի մակարդակի աշակերտներու համար։ Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ խորհրդակցելու Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ հայութեան մասին ընդհանրապէս։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Տիար Ճէպէճեանի Ս. Գրոց Ընկերութեան մատուցած երկար տարիներու ծառայութիւնը եւ հայ համայնքին նկատմամբ իր նուիրաբերումը ու յաջողութիւն մաղթեց անոր ապագայի ծրագիրներուն մէջ։
Տիար Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին ջերմ ընդունելութեան համար եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց՝ նուիրելով իր հեղինակած “Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը” գիրքէն օրինակ մը ։
Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին, Տիար Ճէպէճեանին նուիրեց վերջերս հրատարակուած քարոզներու եւ պատգամներու իր գիրքէն օրինակ մը։