ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՋԱՐԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՄՈԼԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 20 Յուինիսի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանի բարեկամներէն՝ Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Միռնա Քաջարեան բարերար ամոլին։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. Վարչութեան ատենադպիր Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ Տիկինը՝ Սաթիկ։

Քաջարեան ամոլը Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։ Յարգելի հիւրերը Առաջնորդ Սրբազանին յանձնեցին իւրայատուկ նուէրներ՝ Ս.
buy temovate online herbalshifa.co.uk/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/temovate.html no prescription

Պսակի արարողութեան ընթացքին գործածուող ականակուռ թագեր, Սկիհ մը եւ Սրբատուփ մը։ Ս. Պսակի թագերէն զոյգ մը, ոսկիով ու թանկարժէք քարերով բանուած, նուէր է Ազգ. Առաջնորդարանին, իսկ ոսկեզօծ արծաթեայ նմանակներէն օրինակներ նուէր պիտի տրուին մեր Թեմի եկեղեցիներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը հիւրերը նախ ընդունեց Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ, ու աղօթքով օրհնութիւնը կատարեց սպասներուն։ Այնուհետեւ, հանդիպումը շարունակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին գրասենեակին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց թանկարժէք նուէրներուն համար, նաեւ բարձր գնահատեց Քաջարեան ամոլին այս ու նախընթաց նուիրաբերումները, նշելով, որ անոնք արտայայտութիւն են մեր նուիրատուներուն կողմէ Ազգային Առաջնորդարանին հանդէպ վստահութեան ու առաքելութեան զօրակցութեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022