Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2017ի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տիար Արազ Բարսեղեանի, որ իբրեւ թեկնածու կը ներկայանայ Լոս Անճելըսի Կրթական Համակարգի Վարչութեան ընտրութիւններուն, յառաջիկայ 7 Մարտին:
Երիտասարդ թեկնածուն Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուց իր ծրագիրներն ու ցարդ մատուցած ծառայութիւններուն ամփոփ պատկերը: Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութիւնները բաշխեց անոր եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ ընտրութիւններուն: