Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի ոստիկանապետի պաշտօնին 2018-ի ընտրութեանց թեկնածու ներկայացող Պապ Լինզիի, որուն կ’ընկերանար ոստիկանական բաժանմունքէն Տիար Կէրի Նալպանտեան։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, ատենադպիր Տիար Անդրանիկ Գասպարեան եւ անդամ Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան։
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, Պապ Լինզի խօսեցաւ իր թեկնածութեան մասին եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց իր ապագայ ծրագիրները։
Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Լոս Անճելըսի շրջանը յուզող հարցեր. հիւր պաշտօնատարը գնահատանքով անդրադարձաւ հայութեան դերին ու ներդրումին։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Լինզիի տասնամեակներու յանձնառու ծառայութիւնը եւ անոր յանձնեց յուշանուէր մը։ Հանդիպումը վերջ գտաւ փոխադարձ բարեմաղթութեամբ։