Չորեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2015ի առաւօտուն, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռումանիոյ Ծերակոյտի անդամ եւ հայ համայնքի նախագահ Տիար Վարուժան Ոսկանեանի, ընկերակցութեամբ Ազգ. Վարչութեան ռումանահայ անդամներուն՝ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեանի եւ Դոկտ. Գալուստ Յակոբեանի: Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգային Վարչութեան անդամներ:
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ռումանահայ հիւրին Ազգ. Առաջնորդարան այցելութիւնը եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթութիւններ տուաւ Առաջնորդարանիս հովանիին տակ տարուող լայնածիր աշխատանքները, որոնք կþընդգրկեն մեր եկեղեցիները, դպրոցներն ու անոնց լծակից միաւորները: Տիար Վ. Ոսկաենեան, իր կարգին, ծանօթութիւններ հաղորդեց Ռումանիոյ հայկական գաղութին ու այդ երկրին մէջ հայութեան դերակատարութեան մասին, նշելով, որ ռումանահայ գաղութը ունի խոր արմատներ, իսկ վերջին տարիներուն կþապրի վերակենսաւորում:
Հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց Տիար Վարուժան Ոսկանեանը՝ մասնակից ըլլալու Արցախի Թեմակալ Առաջնորդին, Վարչապետին եւ ընկերակից պատուիրակութեան հետ հանդիպումին: