Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2015ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը հայրենի դիւանագէտ Տիար Վալերի Մկրտումեանի, որ նոր պաշտօնի կոչուած է Լոս Անճելըսի հայկական հիւպատոսարանի յարկին տակ: Ան նշանակուած է Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Լիազօր Նախարար (Minister Plenipotentiary):
Յիշեցնենք, որ հիւր դիւանագէտը 2001էն 2003 տարիներուն վարած է Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնը եւ արդէն տարիներու մօտիկութիւն ունեցած է Առաջնորդ Սրբազանին: Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ մեր գաղութը, Հայաստանն ու ողջ հայութիւնը յուզող անմիջական հարցերու շուրջ, յատկապէս Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման ծիրին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազանը բարի վերադարձ մաղթեց Տիար Վ. Մկրտումեանի ու յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ առաքելութեան մէջ: