Ուրբաթ, 17 Նոյեմբեր 2017-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նորընտիր կազմին, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի՝ Տիկ. Սիլվա Փօլատեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Էլօ Պոյաճեան։
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ՀՕՄ-ականներու Ազգ. Առաջնորդարան ներկայութիւնը, շնորհաւորեց նոր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ ծրագիրներու իրագործման երթին մէջ։ Հիւր ՀՕՄ-ականները ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցան Պատգամաւորական Ժողովէն ընտրուած եւ նոր կազմին մշակած ծրագիրներուն մասին, որոնց համար հայցեցին Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը։ Հանդիպումը նաեւ առիթ ծառայեց վերահաստատելու Ազգ. Առաջնորդարանի եւ ՀՕՄ-ի միջեւ գործակցական կապերը աւելի եւս զարգացնելու կամքը։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով խօսեցաւ ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ու անոր հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն ու միաւորներուն մարդասիրական ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն մասին, մասնաւորաբար կանգ առնելով Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ վերջին տարիներու գործունէութեան վրայ, ու այս առիթով, վերահաստատեց ՀՕՄ-ին կողքին կանգնելու Ազգ. Առաջնորդարանի կեցուածքը։