Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Նորընտիր Կազմին Այցելութիւնը

Չորեքշաբթի, 21 Օգոստոս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նորընտիր կազմէն անդամներու, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի՝ Տիկին Սիլվա Փօլատեանի։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Շրջանային Վարչութեան անդամները, շնորհաւորեց նորընտիր կազմը եւ յաջողութեան մաղթանքներն ու օրհնութիւնները փոխանցեց անոնց։ Ապա, Շրջանային Վարչութեան անդամները ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցին իրենց ծրագիրները, որոնք կ՛ընդգրկեն մարդասիրական, կրթական եւ ընկերային ծառայութեան մարզերը, ինչպէս նաեւ զեկուցեցին հայրենիքին, Արցախին եւ Ջաւախքին ի նպաստ իրենց ծաւալած գործունէութեանց մասին։ Վարչութիւնը նաեւ պաշտօնապէս հրաւէր ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին յառաջիկայի իր գլխաւոր 3 նախաձեռնութիւններուն։

Յանուն Շրջանային Վարչութեան, Ատենապետուհին շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, իր յարատեւ զօրակցութեան եւ նեցուկին համար։

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի նուիրումն ու տարած ծաւալուն գործունէութիւնը, վերահաստատեց անոր առաքելութեան զօրակցութիւնը, եւ բարի երթ մաղթեց հայանուէր ու մարդասիրական իր ծառայութեան մէջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022