Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի նոր նշանակեալ City Manager-ին՝ Տիկին Եասմին Պիրզի, որուն կ’ընկերանային անոր փոխանորդը՝ Տիար Ճոն Թախթալեան եւ քաղաքապետութեան հանրային յարաբերական բաժանմունքի պատասխանատուներէն Տիար Թոմ Լորէնզ։
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Տիկին Պիրզը՝ նշանակման առիթով, վստահութիւն յայտնելով, որ ան այս կալուածին մէջ իր երեք տասնամեակներու փորձառութիւնը լաւագոյնս ի սպաս պիտի դնէ քաղաքին։
Խօսակցութեան նիւթ դարձան հանրութիւնը հետաքրքրող, ու մասնաւորաբար հայ բնակչութեան առնչուող հարցեր, ի շարս որոնց՝ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանը. հետաքրքրական զուգադիպուդեամբ մը, նոյն օրը, աւելի կանուխ, թանգարանի ծրագիրին առաջին նախագիծը ներկայացուած էր քաղաքապետութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց, որ քաղաքապետութիւնը զօրակից է ծրագիրին.
Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց նոր նշանակեալ պաշտօնատարին, որ իր կարգին գնահատեց, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։