Երեքշաբթի, 4 Սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանի նոր գործադիր տնօրէնուհիին՝ Տիկին Մարալ Դաւիթեանի այցելութիւնը, ընկերակցութեամբ վարժարանի գլխաւոր տնօրէն Դոկտ. Ալինէ Դուրեանի, վարժարանի Ուսումնական Մարմինի ատենապետ Տիար Վահէ Թաշճեանի եւ անդամ Տիար Մուրատ Շահինեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ ու Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի մօտ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիար Ճորճ Չորպաճեան։
Վարժարանի ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուցին նոր նշանակեալ գործադիր տնօրէնուհին ու խօսեցան անոր վաստակին մասին, նշելով, որ ան վարժարանին մէջ պաշտօնավարած է իբրեւ խորհրդատու։ Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան վարժարանին աշխատանքներու ընթացքը, ծրագիրներ եւ հեռանկարներ։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Տիկին Մարալ Դաւիթեանը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր նոր առաքելութեան մէջ, յատուկ կերպով գնահատեց Դոկտ. Ալինէ Դուրեանը, այն վստահութեամբ, որ վարժարանի անձնակազմին, Ուսումնական Մարմինին եւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հետ գործակցաբար, պիտի աշխատին նոր նուաճումներով հարստացնել հայկական այս կրթօճախի տասնամեակներու վաստակը։