Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy aciphex online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/aciphex.html no prescription
Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2015ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, որ այսօրերուն Լոս Անճելըս կը գտնուի, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 96ամեակի հանդիսութեան առիթով, իբրեւ գլխաւոր բանախօս: Վեր. Յ. Սելիմեան Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց Ա. Հ. Ա. Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեանի հետ:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Սուրիոյ տագնապին ու մասնաւորաբար հայ գաղութին վրայ ահաւոր զարգացումներուն ունեցած ազդեցութիւններուն մասին: Նշենք, որ հիւր հոգեւորականը մեր շրջանին մէջ օր մը առաջ առիթ ունեցած էր հրապարակային հանդիպումի մը ընթացքին խօսելու հայութեան դիմագրաւած հարցերուն մասին: Վեր. Յ. Սելիմեան Առաջնորդ Սրբազանին որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդեց մասնաւորաբար Հալէպ մնացող հայութեան առօրեայ դժուարութիւններուն ու կարիքներուն մասին, շեշտելով, որ շրջանի միացեալ մարմինը մարդկօրէն կարելին կþընէ, կենսական կարիքներու հոգացման համար: Ան նաեւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ աշխարհասփիւռ հայութեան ու մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու մեր գաղութի զաւակներուն աջակիցի ու կարեկիցի կեցուածքին մասին, նշելով, որ հաւաքուած բոլոր օժանդակութիւնները կանոնաւորապէս տեղ կը հասնին ու արդար մօտեցումով կը տրամադրուին բոլորին, աշխատանքը կեդրոնացած է Սուրիա մնացողներուն կարիքներու հոգացման վրայ, սակայն ստեղծուած վիճակին հետեւանքով, կարիքը հսկայական է:
Առաջնորդ Սրբազանը մեր Թեմի զաւակներուն սրտակցութիւնը փոխանցեց Վեր. Յ. Սելիմեանի, մաղթելով, որ Սուրիոյ տագնապահար նաւը շուտով անցնի ներկայի փոթորկոտ ծովերէն ու հասնի խաղաղութեան ափ, որպէսզի մեր եղբայրներն ու քոյրերը վերադառնան բնականոն կեանքի պայմաններուն եւ մեր գաղութը վերածաղկի: