Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 10 Ապրիլի յետմիջօրէին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պէյրութի Պուրճ Համուտ շրջանի Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան Երկրդ. Վարժարանի Տնօրէնուհի Օր. Վարդուհի Պալըգճեանի, որ կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուէր։ Յարգելի հիւրին կþընկերանար վարժարանի շրջանաւարտներէն Տիար Մինաս Ֆուռնուզեան։
Հանդիպումը առիթ եղաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս Հայ Դպրոցի առաքելութեան ու յատկապէս Լիբանանի ու Արեւմտեան մեր Թեմի կրթական ասպարէզներուն դիմագրաւած հարցերուն մասին։ Օր. Վ. Պալըգճեան, որ այս տարի ստանձնած է իր պաշտօնը, Առաջնորդ Սրբազանին լուսաբանութիւններ տուաւ իր Լոս Անճելըս այցելութեան ու վարժարանի ծրագիրներուն մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց այս այելութիւնը, բարի երթ մաղթեց Տնօրէնուհիին՝ իր սերդնակերտ եւ հոգիներ կառուցող առաքելութեան մէջ։