Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը հայրենի պատմաբան եւ մտաւորական Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի եւ ազնիւ տիկնոջ՝ Լուսինէի, որոնց կ’ընկերանային ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան համա-ատենապետուհիներէն Տիկին Մարալ Մաթոսեան եւ Ջաւախքի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ:
Նշենք, որ հայրենի պատմաբանը, որ ջաւախքցի է, Լոս Անճելըս հրաւիրուած էր ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան կողմէ, դասախօսելու համար Ջաւաքխի ի նպաստ նաւապտոյտին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Մարտին: Ան յայտնեց, թէ Ուրբաթ, 6 Մարտի երեկոյեան, պիտի դասախօսէ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, նիւթ ունենալով “Հայրենի Ջաւախքը՝ անցեալը, ներկան եւ ապագան” նիւթով:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Ջաւախքի հարցերուն, հայութիւնը յուզող զարգացումներու ու մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով մեր ժողովուրդին դիմաց բացուած հորիզոններուն ու մարտահրաւէրներուն մասին: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄի հայրենանուէր ծառայութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ դրուատեց Փրոֆ. Մելքոնեանը՝ Ջաւախքի ի նպաստ իր տարած մտաւորական աշխատանքին եւ բանասիրական կալուածին մէջ իր ներդրումին համար: Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրերուն:
Յայտնենք, որ յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, նաւապտոյտին ներկայ եղաւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան ու փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ կը շեշտեր, “ՀՕՄի հոգատար ձեռքը կը հասնի հոն, ուր հայը կարիք ունի. ՀՕՄը հոգածու եղած է ու կը մնայ հայ որբին, կարօտեալ ընտանիքին, ուսանողին ու տարեցին, ՀՕՄը նաեւ իր բազուկները դրած է ի սպաս վերանկախացած Հայաստանին ու պայքարի դաշտ նետուած Արցախին, առանց մոռնալու մայր հայրենիքէն ակամայ բաժանուած Ջաւախքն ու անոր դիմադրող հայութիւնը”։