Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց “Habitat for Humanity – Armenia”ի Ներկայացուցիչի Այցելութիւնը


Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014ին, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց “Habitat for Humanity – Armenia” կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ Սեդա Արզումանեանի այցելութիւնը։ Ան Հայաստանէն ժամանած էր Սփիւռքի գաղութներէն ներս կազմակերպութեան առաքելութիւնը մօտէն ծանօթացնելու նպատակով։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան։

Յարգելի հիւրը ներկայացուց կազմակերպութեան նորագոյն ծրագիրը, որն է Տաւուշի շրջանի վերականգնումի եւ բնակիչներու կենսամակարդակի բարելաւումի աշխատանքը։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց կազմակերպութեան առաքելութիւնն ու անդամներուն ծառայութիւնը, եւ մաղթեց որ գաղութը իր աջակցութիւնը ցուցաբերէ այս կարեւոր աշխատանքին։

“Habitat for Humanity – Armenia”ն Քրիստոնէական ոչ-հասութաբեր միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որու նպատակն է մատչելի պայմաններով բնակարաներ տրամադրել կարիքաւոր ընտանիքներու։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022