Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինի (SARF) վարչութեան ներկայացուցիչները Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան:
Վարչութեան նորընտիր ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քէնտիրճեան եւ ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազանին զեկուցեցին այս մարմինին վերջին շրջանի աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին անմիջական ապագայի ծրագիրները, խնդրելով Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը:
Խորհրդակցութեան նիւթ եղաւ Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի հայութեան վիճակը: Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինին եւ այլ գաղութներու հայութեան կազմակերպած հանգանակութեանց շնորհիւ, ընկերային, բժշկական ու այլ կենսական օժանդակութիւններ կը հասնին Սուրիոյ հայութեան, ուր Ազգային Իշխանութիւնը յայտարարած է որ ուսումնական այս տարեշրջանին, բոլոր աշակերտները անվճար պիտի ուսանին Ազգ. Վարժարաններուն մէջ:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Մարմինին աշխատանքներուն մասին, յորդորեց, որ աւելի քան չորս տարի առաջ միասնական ոգիով ու միացեալ ձեռքերով սկսած աշխատանքը շարունակուի նոյն ոգիով ու թափով, վերջապէս՝ յաջողութիւն մաղթեց Մարմինին ազգանուէր ծառայութիւններուն եւ յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը շուտով աւարտի ու բացուած վէրքերը դարմանուին: