Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2015ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի Ոստիկանապետի գրասենեակի պատասխանատուներէն Ուան Մարթինէզի, որ վարիչն է Կրօնական եւ Կամաւոր Ծառայութեան բաժանմունքին: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, ինչպէս նաեւ Արժ.
buy zithromax online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/zithromax.html no prescription
Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ Բրշն. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան, որոնք հոգեւոր ծառայութիւն կը տրամադրեն շրջանի հայ բանտարկեալներուն:
Խորհրդակցութիւնը կենդրոնացաւ բանտարկեալներուն հոգեւոր ծառայութեան, ինչպէս նաեւ անոնց հոգեկան վերականգնումին նպատակով կիրարկուող միջոցներուն վրայ: Հիւր ոստիկան-պատասխանատուն գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանիս ներկայացուցիչներուն միջոցով Լոս Անճելըսի շրջանի բանտարկեալներու մատուցուող ծառայութիւններուն մասին: Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Խուան Մարթինէզի այցելութեան համար եւ գնահատեց անոր հանրօգուտ ծառայութիւնները: