Երեքշաբթի, 5 Յունիսի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի »Սիւլահեան« դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ու ՀՕՄի Հոլիվուտի »Մայր« մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան եւ ատենադպիր Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։
Առաջնորդ Սրբազանն ու Տիկին Ատենապետուհին ողջունեցին հիւր ներկայացուցիչները եւ գնահատանքով արտայայտուեցան զոյգ միաւորներուն եկեղեցանուէր ու ժողովրդանուէր ծառայութիւններուն մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքի ազնիւ զգացումներուն համար, ապա անդրադարձաւ մեր հասարակական կեանքին մէջ կնոջական կազմակերպութեանց ու անոնց ծառայողներուն դերակատարութեան՝ օգտաշատ ձեռնարկներու կազմակերպման, դաստիարակութեան ու հայրենանպաստ աշխատանքներու ծիրին մէջ։
Խօսակցութեան նիւթ եղան նաեւ այն մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին Ազգ. Առաջնորդարանը, եկեղեցիներն ու առհասարակ հայկական միութիւնները՝ ծխական շրջաններու եւ հայկական մեր օճախի կենսունակ պահպանման իրենց աշխատանքներուն ընթացքին։ Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց Տիկնանց Միութեան եւ ՀՕՄի ներկայացուցիչներուն։