Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2016ի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Քալիֆորնիոյ Ներկայացուցիչներու Տան նախկին անդամներէն Տիար Էնթընի Փորթանթինոյի այցելութիւնը: Ներկայ էր Հոգշ.
buy lipitor online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/lipitor.html no prescription
Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան:
Փասատինայի ընտրաշրջանի ներկայացուցիչ Փորթանթինօ եկած էր պաշտօնապէս յայտնելու թէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն թեկնածու պիտի ներկայանայ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին: Հանդիպումը առիթ եղաւ տեսակէտներ փոխանակելու երկիրն ու յիշեալ ընտրաշրջանը յուզող անմիջական հարցերու շուրջ: Փորթանթինօ հաւաստեց, որ ինչպէս անցեալ տարիներուն, նոյնպէս ալ յառաջիկային կը մնայ հայ համայնքի բարեկամ, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց իր ծառայութիւնները ի սպաս դնելու հայութեան ու ընդհանրապէս ամերիկեան հայրենիքին:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Տիար Փորթանթինոյի այս այցելութիւնը, ու յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ ընտրութեան։