Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2015ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի (SARF) ներկայացուցիչներուն՝ Տեարք Ժան Թիթիզեանի, Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի (SARFի մօտ Ազգ. Առաջնորդարանի ներկայացուցիչը), Վազգէն Մատէնլեանի եւ Մանուկ Սերայտարեանի, որոնք եկած էին զեկուցում տալու Մարմինին աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Հանդիպումին միացաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան:
Խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց Մարմինին վերջին ամիսներու հանգանակային աշխատանքներն ու ձեռք բերած արդիւնքները: Մարմինի անմիջական ապագայի գլխաւոր ծրագիրն է Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ թելեթոնը, որ տեղի պիտի ունենայ 2016ի Փետրուար 21ին: Այս նպատակով, արդէն իսկ ձեռնարկուած է նախապատրաստական աշխատանքի եւ տեղեկատուութեան արշաւի: Քննարկուեցան գործնական քայլերն ու միջոցները:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Մարմինին տարած աշխատանքը, որուն արդիւնքը իբրեւ օրհնութիւն կը հասնի Սուրիոյ տագնապին մէջ բռնուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ըստ կարելւոյն ամոքելով գաղութը արիւնաքամ ընող վէրքերը: Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ թելեթոնն ու Միացեալ Մարմինին բոլոր աշխատանքները իրենց կողքին ունենան մեր ժողովուրդի զօրակցական կեցուածքը, որովհետեւ հայութեան մարմինը կազմող գաղութներէն ոեւէ մէկուն հասնող պատուհաս ցաւ կը պատճառէ բոլորիս: Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութեան ատենապետը Առաջնորդարանիս ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին Միացեալ Մարմինին, հաստատելով, որ ինչպէս մեր եկեղեցիներուն մէջ մնայուն կերպով հանգանակութիւն կը կատարուի ի նպաստ Սուրիոյ հայութեան, իր ատենին, Թելեթոնի յատուկ նուիրահաւաք մը եւս պիտի կատարուի։