Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հալէպահայ Ազգայիններու Այցելութիւնը


Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2014ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանի “Սիւլահեան” դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը խումբ մը հալէպահայ ազգայիններու, որոնք Լոս Անճելըս հաստատուած են վերջին շրջանին, Հալէպին ու ընդհանրապէս Սուրիոյ վիճակուած ահաւոր տագնապին հետեւանքով: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան փոխ-ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ գանձապահ Տիար Մհեր Տէր Տէր Յովհաննէսեան։

Հալէպահայ ազգայինները եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը տեղեակ պահելու, թէ Հալէպի քաղցր օրերու յուշերով եւ խաղաղութեան վերահաստատման ու գաղութի վերականգնումի յոյսերով, Լոս Անճելըսի շրջանի հայ կեդրոններէն ներս կը կազմակերպեն ընկերային հաւաքներ, որոնց ճամբով օժանդակութիւններ կþապահովեն Հալէպի մէջ տոկացող հայութեան: Անոնք հրաւէր ուղղեցին Առաջնորդ Սրբազանին, որ ներկայ ըլլայ յառաջիկայ հաւաքներուն եւ օրհնէ իրենց գործունէութիւնը:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց ազգայիններուն նախանձախնդիր ու կարեկից մօտեցումը, պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու հրաւէրին եւ մաղթեց, որ անոնց նուիրաբերումը ծառայէ ճշդուած նպատակին, իսկ Սուրիան ու Հալէպը վերագտնեն բնականոն վիճակը:

Հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ փոխանցեց հիւրերուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022