Հինգշաբթի, 26 Յունիս 2014-ին, Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց “World Vision”-ի ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը, որոնք եկած էին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ գործակցաբար երեխաներու հովանաւորութեան ծրագրի իրենց կազմակերպութեան տարած աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ տալու Առաջնորդ Սրբազանին։
Պատուելի Տէյվիտ Շնայտըր, “World Vision”-ի Եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու եւ Դոկտ. Արթիւր Մարտիրոսեան, Հայ երեխաներու հովանաւորութեան ծրագրի համակարգող, յայտնեցին թէ Հայաստանի տասնեակ հազարաւոր հովանաւորութիւն ստացած երեխաներուն կարեւոր մասը իրականացած է “World Vision”-ի միջոցաւ։ Ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը եւ Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակցութիւնը խնդրեցին իրենց ծրագրի շարունակութեան ու յաջողութեան համար։
Սրբազան Հայրը գնահատեց “World Vision”-ի առաքելութիւնը եւ իր օրհնութիւնը տուաւ ու զօրակցութիւն յայտնեց երեխաներու հովանաւորութեան ծրագրին համար։
Երեխայ մը հովանաւորելու յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, այցելեցէք www.churchkidsarmenia.org կայքէջը։