Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ապրիլեան Նահատակաց 99րդ Տարելիցին Պատգամը – (Արտասանուած Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ, 23 Ապրիլ 2014)
Սիրելի Հայորդիներ,
Փառք ու գոհութիւն ամենակալ Աստուծոյ, որ իբրեւ յարուցեալ ժողովուրդ այս տարի եւս աշխարհացրիւ Հայորդիներս, աշխարհի չորս ծագերուն միասնական ոգիով կը համախմբուինք մեր աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն համար խունկ բուրելու եւ աղօթք բարձրացնելու ի նշան հաւատարմութեան իրենց կտակին եւ անմոռացութեան իրենց յիշատակին։ Հաւաքուած ենք վերահաստատելու մեր պայքարի յարատեւութեան եւ պահանջատիրութեան ուխտը եւ շարունակելու մեր աննահանջ արշաւը, հասնելու համար մեր դատի լուծման, մեր պահանջատիրութեան եւ հատուցման։
Քանի մը օրեր առաջ քրիստոնեայ աշխարհին հետ տօնեցինք մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը։ Այդ հրաշալի դէպքը չարին վրայ բարիին գերագոյն յաղթանակն է, մահուան վրայ կեանքին յաղթանակը։ Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս պարտութեան մատնեց մահը, զայն ոտնակոխ ըրաւ մահուամբ, մեզի շնորհելով նոր կեանքի մը խոստումը, փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի պարգեւը։ Եւ մենք, Հայ ժողովուրդի զաւակներս առաջին ժողովուրդը եղանք նոր կեանքի պարգեւը ընդունող։
Ահաւասիկ 99 տարիներ անցած են ցեղասպան Թուրքին հայաջնջման ահաւոր ծրագրի գործադրութենէն, երբ համաթուրանական գաղափարով գինովցած Թուրք ղեկավարներ, վճռեցին աշխարհի երեսէն ոչնչացնել խոչընդոտ հանդիսող ամէն արգելք, տեղահանութեան եւ ամէն տեսակի ոճիրի դիմելով։ Օգտուելով համաշխարհային առաջին պատերազմի աղմուկէն, Թուրք պետութիւնը 1915-էն 1923 անշնչացուց մէկ ու կէս միլիոն Հայ ազգի արժանաւոր զաւակներ, որոնց մէջ հոգեւորականներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ, մշակութային եւ ազգային գործիչներ, արուեստագէտներ, արհեստաւորներ, ծնողներ, այրեր, կիներ ու անմեղ մանուկներ։ Բարբարոսային ահաւոր այս արարքներու պատճառաւ բիւրաւոր հայորդիներ դաժան եւ անարգ միջոցներով աքսորի մատնուեցան, մտրակահարուեցան, բռնաբարուեցան, խեղդամահ եղան, մորթուեցան եւ նահատակուեցան։
Բայց մենք չընկանք, մենք յարութիւն առինք եւ միշտ կանք։
Որովհետեւ որպէս Քրիստոնեայ առաջին պետութիւն, Հայ ազգը միշտ փարած մնաց իր հաւատքին եւ հայրերու ուսուցումներուն, նոյնիսկ երբ ընտրութիւնը ունեցաւ ջարդէ ու սպանդէ ազատուելու կրօնափոխութեան ճամբով։ Հայ ազգը իր լոյս հաւատքին կառչած, իբրեւ իր նախահայրերուն ժառանգին պահապանը, Յարուցեալ Փրկչին վստահեցաւ, Վարդանանց նահատակութեան օրինակով իր հաւատքին վրայ հաստատ մնալ նախընտրեց, քան զայն ուրանալ։ Քրիստոսի, մահուան վրայ տարած յաղթանակին՝ Ս. Յարութեան ապացոյցով, Իր լուծը շալկած մեր նահատակները քալեցին դէպի իրենց Գողգոթան՝ տօթագին Տէր Զօրը, ուր անթաղ մնացին եւ անգերեզման դարձան։
Սակայն, Քրիստոսի չարչարանքերուն ու խաչելութեան օրինակով տանջուած ու ջարդուած մեր ազգը միշտ վառ պահեց ապրելու իր տենչը ու անապատի աւազներուն վրայ արձանագրեց Յարութեան յոյսի իր հաւատքը։ Նոյն յոյսն էր, որ ջարդէն ճողոպրած եւ վերապրած հայորդիները վերակենդանացուց ազգովին, գոյատեւման, վերականգնումի ու պայքարի ուժ ներշնչելով անոնց։
Աւարայրէն մինչեւ այսօր, Հայ ժողովուրդը դիմագրաւած ու ապրած է անհամար դժբախտ օրեր, բազմիցս ենթարկուած է յարձակումներու, ջարդերու ու տեղահանութեանց, սակայն մահը երբեք չէ կրցած ընկճել Հայուն գոյատեւման եւ վերապրելու պայքարի ոգին։
99 տարիներ ետք, ահաւասիկ մեր նահատակներուն արժանաւոր յաջորդներն ու արդարութիւն պահանջող հայորդիներս, այսօր սխալ կը փաստենք Թրքական գաղափարախօսութիւնը՝ “միայն մէկ Հայ թողուլ, այն ալ թանգարան դրուելու համար”։
99 տարիներ առաջ ցեղասպանութիւնը ի գործ դրած ոճրագործ Թալէաթին ու Էնվէրին ժառանգորդները, այսօր եւս կը շարունակեն նոյնը ծրագրել։ Թուրքիան այսօ՛ր ալ կþօգտագործէ Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմի վիճակը եւ կը փորձէ շարունակել իր արեան մէջ շրջագայող ոճրագործութեան անմարդկային արարքները իրականացնել։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, Սուրիոյ ամենէն խաղաղ շրջանը, գրեթէ ամբողջութեամբ Հայաբնակ Քեսապ պատմական գիւղը յարձակման ենթարկուեցաւ “ընդդիմադիր” կոչուած զինեալ հրոսակներու կողմէ, որոնք Թուրք կառավարութեան ամբողջական օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը ունենալով Թրքական սահմանէն խուժեցին աւարելու եւ աւերելու Քեսապ հայրենական մեր գիւղը, մանաւանդ ոչնչացնելու այնտեղի բնակչութիւնը։
Սակայն շնորհիւ քանի մը տասնեակ հայ պահակներու արթնութեան, փառք Աստուծոյ 600 ընտանիքներ ապահով կերպով փոխադրուեցան Լաթաքիա եւ մեր ժողովուրդին խնայուեցաւ նոր ջարդ մը եւ սպանդ մը։
Եկեղեցիներ պղծուեցան ու տուներ թալանուեցան եւ առեւանգուած հայորդիներ Թուրքիա տարուեցան։
Բայց մենք չընկանք, մենք դարձեալ կանք։
***
Սիրելիներ, անցնող 99 տարիներուն անխափան ոգեկոչեցինք Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակը: Եւ ամէն տարի առաւել շեշտով մը գիտակցեցանք, որ իրենց օրհնեալ յիշատակը երբեք չէ թառամած, այլ փիւնիկի նման մոխիրներէն յարութիւն առնելով իբրեւ մեր կեանքի յարացոյցը ան առաւել լոյս տուած է մեր կեանքին, իմաստ եւ շեշտ զգեցած է եւ մեր առաքելութեան ու ապագայի իտէալներուն համար եղած է անսպառ ներշնչում:
Մահեր կան, որոնց յիշատակը ժամանակի հոլովոյթին հետ կը նուաղի՝ սակայն մեր նահատակներուն մահն ու կորուստը անմոռանալի եղան, որովհետեւ անոնք լոկ չմեռան, այլ վկայութեամբ նահատակուեցան:
Այո՛, անոնք նահատակուեցան հաւատքի համար, ազատ ու անկախ կեանքի համար, ազգային արժանապատուութեամբ եւ ինքնորոյն նկարագրով եւ մշակոյթով ազատ ապրելու եւ Աստուծոյ բարիքները իր անաղարտ պատկերով մեր նախնիքներու օրրանին մէջ վայելելու համար: Եւ ահա շուրջ դար մը ետք ժամանակն է հասած, որ անոնք խմբովին սրբադասման արժանանան իբրեւ վկաները քրիստոնէական մեր Ս. հաւատքին։
Մեր նահատակները սակայն ամօթով ձգեցին թշնամին, որ ձախողեցաւ իր նպատակին մէջ: Այո՛, մեր նահատակները արիւն թափեցին, իրենց կեանքը զոհեցին, որովհետեւ լաւապէս ըմբռնած էին Քրիստոսի խօսքը, թէ՝
“Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որ մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել”: (Մտթ. 10:28)
Եւ որովհետեւ հոգին առողջ եւ հաւատքը առկայծ մնացին, հայ ժողովուրդը վերածնաւ եւ ահա պատրաստ է ծառայութեամբ եւ արդիւնաւոր կեանքով նուիրուելու Հայ Դատին:
Փա՜ռք Աստուծոյ, որ մեր անկախ հայրենիքով, Արցախով եւ սփիւռքեան մեր կառոյցներով հաւատարիմ պաշտպաններն են մեր արդար դատին: Մեր երիտասարդ սերունդի արթնութիւնը, պահանջատիրութեան ոգին ու յանձնառութեան պատրաստակամութիւնը ի խնդիր մեր իրաւունքներու վերատիրացման, մեր թշնամին ամօթով պիտի ձգեն, որ եթէ Սաղմոսին բառերով “ետ չդառնայ ու չամչնայ” Տիրոջ արդարութիւնը շուտով պիտի գայ իր վրայ:
Սա պահուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի խօսքերը փոխ առնելով կը հաստատենք թէ “Հայ Դատը իւրաքանչիւր հայուն եւ ամբո՛ղջ հայութեան դատն է։ Ա՛յս խոր գիտակցութեամբ ու ամբողջական յանձնառութեամբ կոչուած ենք մասնակից ու զօրակից դառնալու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման աշխատանքներուն։ Կը գտնուինք հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ աշխարհացրիւ մեր գաղութներուն մէջ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային ու համագաղութային նշման գծով աշխատանքներ կը կատարուին ու ծրագիրներ կը մշակուին։ Ցեղասպանը իր կարգին այս ուղղութեամբ իր հակազդեցութիւնը ծրագրելու տենդագին աշխատանքին լծուած է։ 2015 թուականը հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ սովորական թուական մը պէտք չէ դառնայ։ Ան պէտք է արժեւորուի այնպիսի նախաձեռնութիւններով ու իրագործումներով, որոնք ո՛չ միայն մնայուն հետք կը թողուն մեր հաւաքական կեանքէն ներս, այլ նաեւ նոր մղում կու տան հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին։ 100-ամեակի ծրագրումները պէտք է որպէս մեկնակէտ ու նպատակակէտ ունենան հետեւեալ նշանաբանը՝ ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ու ՊԱՀԱՆՋԵԼ։ Այս նշանաբանով արտայայտուող երեք նպատակները իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած են ու զիրար կ՚ամբողջացնեն”։
Այո՛ սիրելիներ, 99 տարիներ յիշեցինք մեր նահատակները, յիշեցինք արցունքով, մոմով, խունկով, աղօթքով ու պատարագով։ Յիշեցինք մեր նահատակները եւ անոնց նահատակութեան յիշատակը մեր սրտերուն մէջ վառ պահած իրենց մեզի ձգած կտակը իբրեւ ժառանգ, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ յանձն առած ենք մինչեւ անոր ամբողջական իրագործումը։
Այո՛, ցեղասպանութեան եւ նահատակաց ոգեկոչման 50-ամեակը՝ 1965 թուականին նոր արթնութեան շրջան մը եղաւ վերապրող հայութեան ժառանգորդներուս համար։ Աշխարհին ծանօթացուցինք մեր արդար դատը ու “Մեր հողերը, Մեր հողերը” պահանջելով աշխարհին յիշեցուցինք որ անպատիժ մնացած է գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ անհրաժեշտ է անոր ճանաչումը։
Շնորհակալ ենք այն պետութիւններուն, որոնք մարդկային իրաւանց իբրեւ անկեղծ ջատագովներ ճանչցան հայոց ցեղասպանութիւնը։ Շնորհակալ ենք նաեւ այս երկրի այն նահանգներուն, որոնք շնորհիւ Հայ Դատի մեր արթուն պահակներուն յիշեցումներուն, իրենք եւս ճանչցան մեր ցեղասպանութիւնը։ Սակայն հերթը Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային կառավարութեան է հիմա։
Եւ ի վերջոյ պիտի գայ ժամանակը, որ համոզուած ենք պիտի չուշանայ, նոյնինքն ցեղասպանութեան հեղինակը Թուրքիան պիտի ճանչնայ ցեղասպանութիւնը։ Բայց սիրելի հայորդիներ, պիտի բաւականանա՞նք այդքանով։ Ո՛չ երբեք. այլ՝ պէտք է պահանջենք։
Պիտի պահանջենք մեր պապենական հողերը։
Պիտի պահանջենք ազգապատկան թէ անհատական մեր կալուածները, մեր վանքերը, մեր եկեղեցիները։
Պիտի պահանջենք մեր նահատակներուն արեան գինը։
Մէկ խօսքով ո՛չ միայն ցեղասպանութեան ճանաչում պէտք է պահանջենք, այլ՝ ճանաչումէ հատուցում պիտի հասնինք։ Եւ այս բոլորը միջազգային օրէնքներու հիման վրայ։
Հետեւաբար սիրելիներ, ուխտի օր է այսօր, մեր նահատակները այսօր կոչ կþուղղեն մեզի.-
Ա.- Յիշել զիրենք, չմոռնալ իրենց նահատակութեան գինը եւ անմար պահել իրենց յիշատակը։
Բ.- Յիշեցնել աշխարհին որ արդար կտակ մը եւ դատ մը ունինք, ու մեր ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ կը մնայ։
Գ.- Պահանջել, հատուցում պահանջել մինչեւ վերատիրացումը մեր արդար բոլոր իրաւունքներուն։
Եկէք ուրեմն ա՛յս հաւատքով, այս սպասումով եւ ա՛յս յոյսով Ս. Պատարագի ա՛յս պահուն, աղօթակից ըլլանք իրարու եւ քիչ ետք նոյն ապրումներով Հոգեհանգստեան պահուն մեր աղօթքները բարձրացնենք առ Աստուած, որ երանական հանգիստ շնորհէ մեր նահատակներուն։
Թող Ամենազօր Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր անկախ հայրենիք՝ Հայաստանն ու Արցախը։
Անփորձ եւ անվտանգ պահէ համայն աշխարհն ու հայ ժողովուրդը։
Թող խաղաղութիւնը վերահաստատուի Սուրիական հայրենիքին մէջ ու մեր Քեսապահայ ազգակիցները անյապաղ վերադառնան իրենց օճախները եւ դարձեալ շէնցնեն մեր պատմական Քեսապը։
Թող մեր երիտասարդ սերունդը իբրեւ հարազատ ժառանգորդը մեր նահատակաց՝ արթուն մնայ իր պահանջատիրութեան ոգիով մինչեւ ամբողջական ճանաչում, ամբողջական հատուցում, մինչեւ ամբողջական վերատիրացում։ Ամէն։
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի