Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2018

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ԱՍՏՂԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

2018 նոր տարուան հետ, ահաւասիկ դարձեալ նոր արշալոյս մը կը ծագի աշխարհիս ու հայութեան երկնակամարին վրայ, ու մենք, իբրեւ զաւակներն ու հաւատարիմ ուխտապահները առաքելահաստատ մեր եկեղեցւոյ, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը անգամ մը եւս կը դիմաւորենք ցնծութեամբ ու բերկրանքով՝ իբրեւ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի», ու մեր ձայները կը միացնենք հրեշտակներու երկնային մեղեդիներուն, դարերու խորքէն մեզի հասնող ու չթառամող աւետիսին կ’արձագանգենք գոչելով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։

Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան այս տօնին, մեր աչքերը անգամ մը եւս կը սեւեռենք Բեթղեհէմէն ճառագայթող Աստղին, որ դարեր առաջ մութ ու խորհրդաւոր գիշեր մը ծագեցաւ նորածին Յիսուսի մսուրին վերեւ, Միածինին լոյսով լուսաւորեց աշխարհը, իբրեւ անմար փարոս մարդկութիւնը առաջնորդեց ու պիտի առաջնորդէ յաւիտեան, որովհետեւ ան որպէս լոյս եկաւ աշխարհ, որպէսզի ով որ անոր հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ (Հմմտ. Յովհ. 12։46)։

Յիսուս Մանուկի Ս. Ծնունդը բազմաթիւ հրաշքներով հարուստ դէպք մըն է։ Բեթղեհէմի Աստղը երկնային անբացատրելի սքանչելիք մըն է, որ հաւատացեալներուն համար կը նկարագրուի միայն իբրեւ Աստուծոյ ճառագայթող փառքը, որ յայտնուեցաւ մարդկութեան։ Մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, խաւար աշխարհին համար իբրեւ լոյս եկաւ, սէր՝ խստասիրտ աշխարհին, յոյս՝ վհատած աշխարհին, զօրութիւն՝ տկար աշխարհին, իմաստութիւն՝ մոլորեալ աշխարհին, եւ փրկութիւն՝ դատապարտեալ աշխարհին։ Իր բառերով՝ «Ես եմ աշխարհի լոյսը։ Ով որ ինծի կը հետեւի, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ’առաջնորդէ» (Յովհ. 12։46)։

Ան աշխարհ եկաւ իբրեւ խոնարհութեան, հնազանդութեան եւ զոհողութեան տիպար, որպէսզի մեզ վերստին արդարութեան ճանապարհ առաջնորդէ եւ Հօր Աստուծոյ հետ հաշտեցնէ՝ որպէս մեր բարի եւ ճշմարիտ հովիւը։

Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներուն քարոզութեամբ ներշնչուած, մեր ժողովուրդը շատ կանուխ ժամանակներէն Բեթղեհէմի Աստղին պատգամը իւրացուց եւ իր կեանքին առաջնորդութեան համար միայն Աստուծոյ լոյսին ապաւինեցաւ թէ՛ խաղաղութեան եւ թէ վտանգի ժամանակներուն։ Աստուածային նոյն լոյսը մեր ժողովուրդը մղեց բազմաթիւ անգամներ մոխիրներէն յառնելու եւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ վերածնունդ ապրելու, Աւարայրի ճակատամարտը դիմագրաւելու, նաեւ դարեր յետոյ, Ցեղասպանութեան արհաւիրքին տոկալէ ետք՝ վերածնունդ ապրելու եւ կերտելու անկախ հանրապետութիւն։
Արդարեւ, 2018-ը հարիւրամեակն է Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդին, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ մեր հաւատքին ամէնէն պերճախօս վկայութիւնն է։ Աւարայրէն մինչեւ անկախութիւն եւ Արցախեան ազատագրական շարժում, մեր հերոսներուն կեանքի ներշնչումը եղած է եւ կը մնայ հաւատքը, նուիրումը մեր ազգին ու հայրենիքին, Աստուծոյ լոյսին առաջնորդութիւնը եւ զոհաբերութեան, խոնարհութեան ու համերաշխութեան քրիստոնէական ոգին։ Ինչպէս որ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը մեզ կը հրաւիրէ սիրոյ, խաղաղութեան, հաճութեան ու բարութեան կեանքի, նոյնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը մեզ կը հրաւիրէ վերանորոգ յանձնառութեամբ, սիրով, խոնարհութեամբ եւ միասնական ոգիով ծառայելու հայրենիքին՝ ի խնդիր անոր բարգաւաճման։

2018 տարին այլապէս յոբելենական հանգրուան է Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմի հիմնադրութեան 60-ամեակով եւ Արեւմտեան մեր Թեմի 45-ամեակով։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը եղած է փարոս, ուրկէ դարերէ ի վեր Աստուծոյ լոյսը ճառագայթած է ու ցայսօր կը շարունակէ լուսաւորել մեր ժողովուրդին սիրտը, միտքն ու հոգին։ Ան Բեթղեհէմի Աստղին օրինակով մեզ առաջնորդած է Քրիստոսի սիրով, մեր խաւար ու լուսաւոր ժամանակներուն հանդիսացած է ճառագայթող ջահ։

Սիրելի հաւատացեալներ,
Քրիստոսի Ս. Ծնունդը նոր դարաշրջանի մը ծնունդն էր, նոր լոյսի մը արշալոյսը. «Բանն էր ճշմարիտ լոյսը, որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը» (Յովհ. 1։9)։ Այդ լոյսը անմար է՝ լուսաւորող ու առաջնորդող, որ դարերու ընթացքին մնա՛ց լուսաշող ու պայծառ եւ նոր կեանք պարգեւեց մարդկութեան։ Նոր տարին լաւագոյն պատեհութիւնն է սկսելու նորը, եւ ինչպէս Ս. Պօղոս կ’ըսէ՝ «Ուստի մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը… , վերանորոգուեցէք հոգիով, ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէ՛ք նոր մարդ մը Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ» (Եփես. 4։22-24)։ «Որովհետեւ թէպէտ ժամանակ մը խաւար էիք, սակայն հիմա որ Տիրոջ միացաք՝ լոյս էք» (Եփես. 5։8)։ Ինչպէս որ իմաստուն մոգերը իրենց աչքերը ուղղեցին Բեթղեհէմի Աստղին ու անկէ առաջնորդուեցան, մենք ալ նայինք մեր Տիրոջ ու միայն զԻնք փնտռենք մեր բոլոր կարիքներուն համար, Տէրը փառաբանենք մեր կեանքի բոլոր օրերուն, Իր լոյսով քալենք եւ ըլլանք վկաները Իր լոյսին։ Եւ հետեւելով Իր գերագոյն օրինակին՝ մեր եկեղեցւոյ ու հայրենիքին ծառայենք սիրով, խոնարհութեամբ եւ հաճութեամբ։

Այս մտածումներով ու հոգեկան ցնծութեամբ կ’ողջունեմ Թեմիս հոգեւորականաց դասը, ժողովականութիւնը, մեր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, մաղթելով, որ Ս. Ծննդեան տօնը սիրոյ ու հաճութեան զգացումներով ողողէ բոլորս, խաղաղութիւն բերէ աշխարհիս, ապահովութիւն ու բարգաւաճում՝ մեր հայրենիքին։ Թող մեր Տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հրաշքը մեր հոգիները լեցնէ սիրով, խաղաղութեամբ եւ ցնծութեամբ։ Թող Իր ճառագայթող լոյսը մեր սրտերն ու օճախները ջերմացնէ այս օրհնեալ օրերուն ու ամբողջ տարուան ընթացքին մեր կեանքը պայծառացնէ։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ, 2018

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022