Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2021

ԿԵՆԱՐԱՐ ՅՈ՛ՅՍ ԿԸ ՃԱՌԱԳԱՅԹԷ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄՍՈՒՐԷՆ

Շատ սիրելի՛ ժողովուրդ թանկագին, եղբայրներ եւ քոյրեր ի Յիսուս,

2020 թուականը Երկիր մոլորակին համար խաղաղութեամբ, լոյսով, օրհնութեամբ զեղուն օրեր ու ամիսներ չբերաւ: Սաստիկ ձմեռ տիրեց ամբողջ տարուան վրայ: Փետրուարին, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը եկաւ հարուածելու աշխարհը եւ խլեց միլիոնաւոր զոհեր, պատճառեց համաշխարհային տնտեսութեան անկում եւ մինչեւ օրս դամոկլեան սուրի պէս կախուած կը մնայ մարդկութեան ճիտին՝ վերջնական դարմանի չգոյութեան պատճառով: Օգոստոսին, ականատես եղանք Պէյրութի ահասարսուռ պայթումին, որուն հետեւանքները շատ ծանր կշռեցին այլապէս ալ տագնապահար Լիբանանի համար, առաւել՝ միջին արեւելեան ու եւրոպական կարգ մը երկիրներու ռազմական, քաղաքական եւ ընկերային անապահով վիճակը հաշուի առած կը հաստատենք, որ իրօք, 2020 թուականը աշխարհի համար աղէտաբեր, ծանր տարի մը եղաւ: Ի լրումն, նաեւ պէտք է խոր ցաւով նշենք, որ Սեպտեմբերի վերջին օրերէն մինչեւ Նոյեմբեր ամսուն առաջին տասնօրեակ Հայաստան-Արցախի դէմ շղթայազերծուած ազերի-թրքական պատերազմին պատճառով ամէնէն աւելի ծանր գին վճարեց մե՛ր ազգը, մե՛ր հայրենիքը: Հայութեան լուսաւոր եզերքի մթագնում, հայկական բանակի բազմահազար զոհեր, գաղթական արցախցիներ, գերիներ եւ անհետ կորածներ մեծապէս ընկճեցին Եկեղեցի ու ժողովուրդ՝ հայկական բարձրաւանդակէն մինչեւ հայաբնակ հեռաւոր ոստաններ: Աւելի՛ն. տնազուրկ ու որբեւայրի, զաւակ, հայր ու մայր, պապենական հող ու հայրենիք կորսնցուցած հայութեան կարեւոր հատուած մը կայ մեր կեանքին մէջ առ այսօր, որ պատերազմին պատճառած տագնապի ահագնութենէն տակաւին կը տնքայ դառնօրէն: Իրաւա՛մբ մենք ապրեցանք աւելի՛ դժուարը, աւելի՛ դառնը, բառերով անբացատրելին՝ Կրա՛կը:

Եթէ աղէտներն ու արհաւիրքները, անհատական թէ հաւաքական վիշտերն ու փորձութիւնները, անկումներն ու կորուստները ըլլային կեանքի ու մահուան որոշիչ որակները, ապա եւ աներկբայօրէն ազգովին հասած պէտք չէ ըլլայինք մինչեւ 2021 թուականի շեմը:

Աւելի պարզ,

Եթէ հսկայ Բաբելոնի պետին՝ Բելի դէմ պատերազմելով Հայկ Նահապետն ու իր որդիները ազատ ու ինքնիշխան ապրելու յոյսը չկորսնցուցին ու յաղթեցին,

Եթէ Տիգրան Մեծ Աշխարհակալի կայսրութեան փլուզումէն ետք, հայ ժողովուրդը վերատարածուելու իր յոյսը չկորսնցուց,

Եթէ 387 թուականին, երբ Հայաստան բաժնուեցաւ Բիւզանդիոնի եւ Պարսակաստանի միջեւ, եւ մեր ժողովուրդը ՄԷԿ մնալու յոյսը չկորսնցուց,

Եթէ Վարդանանց ճակատամարտին արիւն ու քրտինք միախառնուած հոսեցան, եւ ազգը հաւատքով առաջնորդուելու իր յոյսը չկորսնցուց,

Երբ հայը Անի՛ն կորսնցուց, բայց Մայրաքաղաք ունենալու իր յոյսը չկորսնցուց,

Երբ բազմակշիռ ու բազմաբնոյթ պատերազմներ, քաոսային վիճակներ ու մեծադղորդ ալիքներ հարուածեցին Հայաստանը, այլեւ արաբական, մոնկոլական, սելճուքեան եւ այլացեղ արշաւանքներ ու ծանրագոյն հարկեր բազում անգամներ խորտակեցին մեր անառիկ ամրոցն ու աւերակ ըրին մեր բնակավայրերը, այսուհանդերձ, ազգը դարձեա՛լ չկորսնցուց պետականութիւն ունենալու իր յոյսը,

Երբ հաստաբեստ կաղնիի ծառեր փուլ եկան մեր կեանքին մէջ, բայց մեր ազգը ընկճուելո՛վ հանդերձ չկորսնցուց նոր ոստերով ուռճանալու իր յոյսը,

Երբ Հիւսիսէն, Արեւելքէն, Հարաւէն ու Արեւմուտքէն փչեցին սառնաշունչ քամիներ, երկնակամարը ծածկեցին թանձր մշուշներ, պայծառ արեւը խաւարեցին գորշ ամպեր, բայց մեր ժողովուրդը նորէ՛ն յուսաց եւ չկորսնցուց աստուածադիր ծիածա՛նը տեսնելու իր յոյսը,

Երբ ազգը քալեց մահուան յորձանուտէն, ապրեցաւ դառնաղի Եղեռն, 1915ի Ցեղասպանութիւն, կորսնցուց ամէն բան, բայց վերընձիւղուելու իր յո՛յսը չկորսնցուց,

Որովհետեւ այդ անմեռ յոյսը ճառագայթեց Բեթղեհէմի՛ մսուրէն եւ մեզ դաստիարակեց կեանքին մի՛շտ յոյսով նայելու երկնատո՜ւր առաքինութեամբ: Ազգովին կառչած մեր նախնիներուն ու պապերուն ոգեղէն դարաւոր ամրութեան, այսօր մենք թոյլ չենք տար, որ հայ ժողովուրդի յոյսի աննիւթական, կենսատու բաժակը, որ այլապէս անկորնչելի կտակ մըն է՝ վստահուած ապրողներուս, իյնայ ու փշրուի, միով բանիւ՝ յուսահատութիւնը պատէ ազգին եւ ի հետեւանք՝ մենք ամօթով մնանք մեր ազգային ինքնութիւնը ձեւաւորած, հայոց պետականութիւնը կերտած, Եկեղեցին պայծառացուցած անկրկնելի տիտաններու, հրեղէններու, սուրբերու եւ անմահներու առաջ:

Արդ, յանուն մեր ազգի հաւաքական մէկութեան, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր մէկ կողմ կը ձգենք մեր անհատական նախընտրութիւնները եւ կը բոլորուինք միացեալ զօրութեան գաղափարին շուրջ, զի պատմութիւնը կը վկայէ, որ երբ միացած ու մէկ բռունցք դարձած ենք՝ եղած ենք աննուաճելի, անընկճելի, հզօր ու յաղթական: Այո՛, ճիշդ է, որ դար ու դարեր փորձաքարի զարնուած ենք, բայց ազգովին վերստին փթթած ու ծաղկած ենք, որովհետեւ մեր կոճղը մէ՛կ է, եւ մենք անհատ առ անհատ այդ հաստաբուն կոճղին ճիւղերն ու տերեւները կը կազմենք:

Թէեւ բաղձալիօրէն պարզ ու խաղաղ, արեւոտ ու պայծառ չէ հայոց երկնակամարը ներկայիս, մութ ու մռայլ ամպեր շատ են պաշարած մեր հայրենիք Հայաստանն ու Արցախը, այսուամենայնիւ, այս Սուրբ Ծննդեան տօնին, երբ պահ մը մեր հայեացքները ուղղենք երկինք, աշխարհի ո՛ր մասն ալ գտնուինք, հաւատքի աչքերով կրնանք տեսնել Բեղթեհէմէն ծագած կենարար յո՛յսը, որ բոլոր ազգերէն առաջ մե՛ր ազգին մէջ թափանցեց իբրեւ նոր կեանքի սկիզբ եւ բոլորէն իսկ առաջ մե՛նք՝ որպէս պետութիւն ու ազգ, դարձանք Յիսուսին՝ Քրիստոնեա՛յ:

Յոյս, որ մեր ազգի զաւակներուն համար ընդմիշտ խորհրդանշեց հոգեւոր նոր բարձունքներ նուաճելու ուղի, Բարձրեալին մատչելու մտածման նոր եղանակ ու ապրելու նոր ընթացք,

Յոյս, որուն շնորհիւ պատմութեան բոլոր քառուղիներուն մենք մեզ շրջապատող մութ աշխարհը լուսաւորեցինք, ջերմութիւն ու մարդկայնութիւն, գիտութիւն ու կրթութիւն, մշակոյթ ու հոգիի սնունդ բաշխեցինք աշխարհին մեր հոգեւոր ու գիտական հանճարներով, մեր աստղաբոյլ յաղթականներու ստեղծագործութիւններով եւ մեր ցեղին յատուկ արիութեամբ,

Յոյս, որ յաչս մեր ազգի զաւակներուն Յիսուսո՛վ ձուլուեցաւ,

Յոյս, որ թէեւ չի տեսնուիր, չի կշռուիր, չի բռնուիր, չի բացատրուիր, բայց վահանի պէս մեր հոգին իր պաշտպանութեան տակ առած՝ անպայմա՛ն կը զգացնէ ինքզինք մեր կեանքի բոլոր օրերուն, որովհետեւ մենք ազգովին որոշած ենք ապրի՛լ, այլ ո՛չ մեռնիլ՝ կառչած մեր դարաւոր ճշմարիտ հաւատքին, Յիսուսէ՛ն ճառագայթող, մեզ Մնայունին կապող, բեթղեհէմեան յոյսին: Յիրաւի Աստուած ուզեց ցոյց տալ, թէ ինչ հրաշալի են իր ծրագիրները մեզի համար. մսուրի մէջ ի Բեթղեհէմ ծնած Քրիստոսը ճանչնալ եւ վայելել այն մեծագոյն փառքը, որուն կը սպասենք մենք յոյսով:

Առ այդ, երկինք բարձրացնելով կենարար յոյսով յորդուն մեր կեանքի բաժակը, ահա՛ եւ դարերու խորքէն լսուող հաւատքի՛ ձայնով կը կրկնենք պարզ, բայց իմաստուն այս գովերգութիւնը. «Բայց ես ընդմիշտ յոյսս Քեզի՛ կապած եմ, եւ պիտի շարունակեմ օրհներգել Քեզ» (Սաղմոս 71.14):

Տօնական յուսավառ ապրումներով կու գամ շնորհաւորելու ձեր բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը՝ մաղթելով, որ 2021 թուականը համայն աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն, բոլոր մարդերուն՝ առողջութիւն, այլեւ մեր ազգի զաւակներուն ու հայրենիքին համար ըլլայ բեղուն ու բարեբեր, յուսալից ապագայի նոր տեսիլքներով վարարուն, իսկական վերածննդեան տարի:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Քրիստոսաւանդ սիրով,
Աղօթարար

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան,Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

6 Յունուար, 2021
Լոս Անճելըս, Ա.Մ.Ն.

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022